Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հ.Հ. վար­չա­պետ ­­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ, կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քին մէջ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ե­րեք փաս­տա­թուղթ։ Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ կա­ռա­վա­րու­թեան մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թիւ­նը:

­­Փաս­տա­թուղ­թե­րէն ա­ռա­ջի­նը «­­Կով­կա­սեան ե­լեկտ­րա­հա­ղորդ­ման ցանց» ծրագ­րին 10 մի­լիոն եւ­րօ ծա­ւա­լով վար­կի հա­մա­ձայ­նա­գիրն է, որ ստո­րագ­րած են Հ.Հ. ե­լե­մուտ­քի նա­խա­րար ­­Գա­գիկ ­­Խա­չատ­րեան եւ Եւ­րո­պա­կան ­­Ներդ­րու­մա­յին Դ­րա­մա­տան (Ե.Ն.Բ.) փոխ-նա­խա­գահ ­­Վիլ­հելմ ­­Մոլ­թե­րեր:

­­Միւս փաս­տա­թուղ­թը «­­Կով­կա­սեան ե­լեկտ­րա­հա­ղորդ­ման ցանց» ծրագ­րի վե­րա­բե­րեալ փո­խըմբռն­ման յու­շա­գիրն է, որ ստո­րագ­րած են Հ.Հ. ու­ժա­նիւ­թի եւ բնա­կան պա­շար­նե­րու նա­խա­րար Ե­րո­ւանդ ­­Զա­խա­րեան, Հ.Հ­.ի մօտ Ե.Մ. պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար Տ­րա­յեան Հ­րիս­թեան, Ե.Ն.Բ. փոխ-նա­խա­գահ ­­Վիլ­հելմ ­­Մոլ­թե­րեր, KfW զար­գաց­ման դրա­մա­տան ու­ժա­նի­թի եւ փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու ծրա­գիր­նե­րու ղե­կա­վար Եան Պ­լում:

Եր­րորդ փաս­տա­թուղ­թը «Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի ու­ժա­նի­թի խնա­յո­ղու­թեան եւ շրջա­կայ մի­ջա­վայ­րի հիմ­նադ­րա­մին ­­Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցու­թեան մա­սին» ներդր­ման հա­մա­ձայ­նա­գիրն է: ­­Վեր­ջի­նը ստո­րագ­րած են Հ.Հ. ու­ժա­նի­թի եւ բնա­կան պա­շար­նե­րու նա­խա­րար Ե­րո­ւանդ ­­Զա­խա­րեան եւ ՎԶԵ­­Բի (EBRD) կող­մէ E5P հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վար Անտ­րես ­­Լանտ:

­­Վար­չա­պետ Աբ­րա­հա­մեան ող­ջու­նեց փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագ­րու­մը եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ ա­նոնք ի­րենց նշա­նա­կա­լի դերն ու ա­ւան­դը պի­տի ու­նե­նան թէ՛ ­­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­­Միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, թէ՛ ­­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման գոր­ծին: