Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ Ե­գիպ­տոս գտնո­ւող Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան հան­դի­պում ու­նե­ցած է Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գահ Ապ­տել Ֆաթ­թահ Սի­սիի հետ:

 

Զ­րու­ցա­կից­նե­րը բարձր գնա­հա­տած են հայ-եգիպ­տա­կան քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կը եւ քննար­կած տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ու ընդ­լայն­ման վե­րա­բե­րող հար­ցեր: Եր­կուս­տեք նշած են, որ առ­կայ է տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մեծ նե­րուժ: Տն­տե­սա­կան կա­պե­րը աշ­խու­ժաց­նե­լու ի­մաս­տով կող­մե­րը կա­րե­ւոր նկա­տած են միջ-կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տանք­նե­րուն յա­ւե­լեալ թափ տա­լը, տնտե­սա­կան հա­մա­ժո­ղով­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը, եր­կու եր­կիր­նե­րու գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րուն մի­ջեւ կա­պե­րու սեր­տա­ցու­մը: Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը եւ Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գա­հը հե­ռան­կա­րա­յին նկա­տած են գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ տնտե­սու­թեան այլ ճիւ­ղե­րու մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցումն ու ամ­րապնդու­մը:

Ապ­տել Ֆաթ­թահ Սի­սի բարձր գնա­հա­տած է Ե­գիպ­տո­սի հայ գա­ղու­թին դե­րը երկ­րի զար­գաց­ման ի­մաս­տով եւ նշած, որ ա­նի­կա լաւ կա­մուրջ է հայ-ե­գիպ­տա­կան կա­պե­րու ընդ­լայն­ման եւ խո­րաց­ման ա­ռու­մով:

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նշած է, որ Հա­յաս­տան շատ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տայ ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րուն հետ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման: «Այս ա­ռու­մով Ե­գիպ­տո­սը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ, ո­րով­հե­տեւ հայ եւ ե­գիպ­տա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ հին ժա­մա­նակ­նե­րէն առ­կայ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւած է նո­րօ­րեայ ա­մուր բա­րե­կա­մու­թեան»,- դի­տել տուած է վար­չա­պե­տը: