«Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը յարգեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ:
Պատուիրակութեան անդամները ծաղիկ տեղադրեցին անմար կրակին մօտ, գլուխ խոնարհեցին` ի յիշատակ 1.5 միլիոն զոհերուն: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանի ուղեկցութեամբ հիւրերը շրջեցան Ծիծեռնակաբերդի տարածքին մէջ: Ան հիւրերուն ուղեկցեցաւ Յուշապատի մօտ ու ներկայացուց այն աջակցութիւնը, որ ցուցաբերած են տարբեր ազգութեան միսիոներներ, յայտնի գործիչներ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով հայրենազրկուած ու որբացած երեխաներուն, կանանց ու ծերերուն: Սուրէն Մանուկեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միայն դաժանութեան ու բռնութեան, այլեւ որոշ պարագաներու` մարդասիրութեան եւ նեցուկ ըլլալու պատմութիւն կը կրէ իր մէջ: «Եւրոնեսթ»ի պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի մասնակցի միջխորհըրդարանական վեհաժողովի չորրորդ լիագումար նիստին, որ տեղի կ’ունենայ Մարտ 17-18-ին: «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի նպատակը Եւրոմիութեան Հարեւանութեան քաղաքականութեան բաղադրիչ մաս հանդիսացող Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան խորհրդարանական հարթութիւն տրամադրելն է: «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի (ՎՀ) կազմին ընդգրկուած են Եւրոխորհրդարանի 60 անդամներ եւ 10 խորհրդարանական Արեւելեան գործընկեր իւրաքանչիւր հինգ երկրէ:
Վեհաժողովի անդրանիկ նիստը կայացած է 2011 թուականի Մայիս 3-ին Պրիւքսէլի մէջ: