12 Մարտին, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստան պիտի այցելէ` մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին
նուիրուած ձեռնարկներուն:
Փեսքով աւելցուց, որ Փութին իր այցելութեան մանրամասնութիւնները քննարկած է Հայաստանի իր պաշտօնակից Սերժ Սարգսեանի հետ, նոյն օրը տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին: Ռուսիա այն երկիրներէն է, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: