Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի որոշումով Վահագն Մելիքեան նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ:
Ան ծնած է 1967 թուականին, Երեւան: Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին, ան վարած է Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան երկրորդ քարտուղարի պաշտօնը 1993-1996 տարիներուն ընթացքին: Ծառայած է նաեւ Գերմանիոյ ՀՀ դեսպանութեան մէջ որպէս առաջին քարտուղար, ապա 2006-2012 տարիներուն նշանակուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, ինչպէս նաեւ Քուէյթի, Պահրէյնի, Քաթարի ու Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Չիլիի մէջ դեսպան: Կը տիրապետէ անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն լեզուներուն: Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ: