Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներ Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան եւ Լիլիթ Գալստեան տեսակցած են Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին Բրիտանիոյ, Պուլկարիոյ, Էսթոնիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Իտալիոյ, Յունաստանի, Չեխիոյ եւ Լաթվիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպաններու պաշտօնակատարները:
Հանդիպման հիւրընկալը՝ Եւրոպական Միութեան Հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Թրայան Հրիսթէա, ընդգծելով նման ձեւաչափով քաղաքական հանդիպումներու եւ քննարկումներու կարեւորութիւնը, խօսքը փոխանցած է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի անոնք ներկայացնեն ներքաղաքական եւ շրջանային զարգացումներուն առնչութեամբ ՀՅԴ-ի պատկերացումներն ու ծրագիրները:
Աղուան Վարդանեան, էական դիտելով եւրոպական չափանիշներով պետութեան կառուցման հեռանկարը, ընդգծելով կուսակցութեան ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած եւրոպական արժէքներու նկատմամբ ՀՅԴ-ի յանձնառութիւնը, ներկայացուցած է ՀՅԴ-ի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները:
Լիլիթ Գալստեան անդրադարձած է Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան շարունակման խնդիրին: