Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Ա1+».- Յունիս 20ի երեկոյեան Ղարաբաղեան խնդիրով զբաղող յանձնաժողովը գումարեց իր առաջին նիստը, որուն հայկական պատուիրակութիւնը չմասնակցեցաւ: Հայաստանի հարցով համազեկուցողները, սակայն, մասնակցած են նիստին:

Հայկական պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեանի հետ կայացած զրոյցի ընթացքին՝ վերջինս ըսաւ. «Մենք մեր յստակ դիրքորոշումն ասել ենք, եթէ իրենք փորձեն առանց մեր մասնակցութեան ինչ-որ որոշում կայացնել, դա կը լինի բացարձակ խախտում ոչ միայն բարոյագիտութեան չափանիշների, այլեւ այն բոլոր մօտեցումների, որով խնդիրները պէտք է կարգաւորուեն եւ միանշանակ կը նշանակի, որ մեր բոլոր մտահոգութիւններն արդարացւում են, առաջին հերթին այն, որ Չաւուշօղլուն ամէն ինչ անում է, որ իր օրօք հաստատուեն բանաձեւեր, որով կարողանան ազդել Ղարաբաղեան խնդրի շուրջ այսօրուայ գործընթացների վրայ»:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի՝ այս ձեւաչափով յանձնաժողովը բացարձակապէս անգործունեայ պիտի դառնայ. «Անգամ երբ այն ժամանակ էինք մասնակցում, մինչեւ յանձնաժողովի գործունէութեան սառեցումը, յանձնաժողովը չկարողացաւ մի լուրջ բան անել, ուր մնաց այսօր, երբ խնդիրի կարեւոր կողմերը ՀՀն եւ ԼՂՀն բացակայելու դէպքում որոշեն բանաձեւերը ընդունել եւ դա տարածել կողմերի վրայ», ըսաւ ան:
Այնուամենայնիւ, եթէ նման բան ըլլայ, հայկական կողմը պիտի յայտարարէ, որ բանաձեւի ընդունման ընթացքին ՀՀ որեւէ մասնակցութիւն չէ ունեցած, ԼՂՀ առաւել եւս, եւ որեւէ պարտաւորութիւն չի կրնար ՀՀ ստանձնել բանաձեւը կատարելու ուղղութեամբ:
«Նոյն բանը պէտք է անէինք 1416 բանաձեւի ընթացքում, դժբախտաբար, մենք մեր նոմինալ (անուանական-Խմբ.) մասնակցութեամբ լեգիտիմութիւն (օրինականութիւն-Խմբ.) ենք տուել այդ բանաձեւին: Եւ հիմա պէտք չի, որ մեր մասնակցութեամբ օրինականացնենք մեզ համար անբարենպաստ մթնոլորտում քննարկուող, բոլոր չափանիշների խախտումով ձեւաւորուած բանաձեւի ընդունումը», ըսաւ պատգամաւորը:
Նաիրա Զոհրաբեան, իր հերթին աւելցուց, որ յանձնաժողովի խնդիրն է, ամէն գնով հայկական կողմը ներքաշել այդ յանձնաժողովի գործունէութեան մէջ. «Իրենց նպատակն է, մինչեւ Յունուար, մինչեւ 2011ի աւարտը բիւրոյին ներկայացնել բանաձեւի նախագիծ ԼՂի հարցով: Չաւուշօղլուն ուզում է հեռանալիս թողնել այդ այլանդակ հակահայկական բանաձեւը եւ իրենք ցանկանում են ամէն ինչ անել՝ այդ բանաձեւը օրինականացնելու համար:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք ընդունուելիք բանաձեւը իրաւաչափ պիտի չըլլայ՝ Նաիրա Զոհրաբեան պատասխանեց. «Մենք կարող ենք շատ հանգիստ պնդել, որ հայկական կողմը չի մասնակցել ենթայանձնաժողովի աշխատանքներին, ուստի որեւէ կերպ չի պատրաստւում իրաւական պատասխանատուութիւն վերցնել բանաձեւի կատարման առումով գոնէ մեր մասով»:
Զոհրաբեան նաեւ տեղեկացուց, որ յանձնաժողովի նախագահ Խուկլա ի Քոսթան առիթով մը  յայտարարած է, որ յանձնաժողովի խնդիրն է մինչեւ տարեվերջ բանաձեւ ներկայացնել Ղարաբաղի հարցով:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք բանաձեւի չկատարման համար պատժամիջոցներ կրնա՞ն կիրառուիլ ՀՀի նկատմամբ, Նաիրա Զոհրաբեան վստահօրէն ըսաւ՝ ոչ: