Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ նա­խա­րա­րու­թե­նէն յայտ­նած են, որ 5-6 ­Մար­տի լուս­ցող գի­շե­րը, ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­մար­տու­թեան զօր­քե­րու

շփման գի­ծին վրայ, հա­կա­ռա­կոր­դը հե­տա­խու­զա­կան ներ­թա­փանց­ման փորձ կա­տա­րած է, սա­կայն հայ­կա­կան կող­մը կան­խած է զայն։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը ու­նե­ցած է առ­նո­ւազն 7 կո­րուստ։

 

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ նա­խա­րա­րու­թե­նէն յայտ­նած են.-

«­Մար­տի 5ի լոյս 6ի գի­շե­րը, ադր­բե­ջա­նա­կան զի­նու­ժը ա­ռաջ­նա­յին գծի տար­բեր հա­տո­ւած­նե­րում հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման ռե­ժի­մը խախ­տել է ա­ւե­լի քան 80 ան­գամ՝ հայ դիր­քա­պահ­նե­րի ուղ­ղու­թեամբ 60 եւ 80 մմ. ա­կա­նա­նե­տե­րից, Իս­տիգ­լալ, ՀԱՆ-17, ԴՇԿ, ՌՊԿ եւ այլ զի­նա­տե­սակ­նե­րից ար­ձա­կե­լով շուրջ 4500 կրա­կոց:

«­Բա­ցի նշո­ւած մի­ջոց­նե­րից, հա­կա­ռա­կոր­դը հիւ­սի­սա­յին (­Շա­հու­մեա­նի) ուղ­ղու­թեամբ կի­րա­ռել է նաեւ «ԶԻԿ -23-2» զի­նա­տե­սակ: Ն­շո­ւած կրա­կա­կէ­տը վնա­սա­զեր­ծե­լու նպա­տա­կով Պ.Բ. ա­ռա­ջա­պահ ու­ժե­րը դի­մել են հա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թեան, ո­րի ար­դիւն­քում շար­քից հա­նո­ւել է հա­կա­ռա­կոր­դի առ­նուազն 3 զի­նո­ւոր եւ «ԶԻԿ-23-2» զի­նա­տե­սա­կը: «­Նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծում Լ.Ղ.Հ. զի­նո­ւած ու­ժե­րի մար­տա­կեր­տեան ուղ­ղու­թեան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը կան­խար­գե­լիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ են ի­րա­կա­նաց­րել հա­կա­մարտ զօր­քե­րի շփման գծի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան հա­տո­ւա­ծում: Ըստ հաս­տա­տո­ւած տո­ւեալ­նե­րի՝ ծա­ւա­լո­ւած մար­տե­րի ըն­թաց­քում ոչն­չա­ցո­ւել է գոր­ծո­ղու­թեան շրջան դուրս ե­կած ադր­բե­ջա­նա­կան յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան ստո­րա­բա­ժան­ման չորս զին­ծա­ռա­յող: «­Վե­րոն­շեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի ժա­մա­նակ հայ­կա­կան կող­մը կո­րուստ­ներ չի ու­նե­ցել:

Պ.Բ. ա­ռա­ջա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը շփման գծի ողջ եր­կա­րու­թեամբ շա­րու­նա­կում են վստա­հօ­րէն ի­րա­կա­նաց­նել ա­ռա­ջադ­րո­ւած մար­տա­կան խնդի­րը եւ հա­կա­ռա­կոր­դին թե­լադ­րել ի­րենց կամ­քը»,- եզ­րա­կա­ցո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ։

­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ քար­տու­ղար Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան հեր­քած է Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան այն լու­րը, թէ ատր­պէյ­ճան­ցի զի­նո­ւոր մը մա­հա­ցած է «հայ հե­տա­խոյզ­նե­րը ոչն­չաց­նե­լու ա­տեն»՝ զայն նկա­տե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան սո­վո­րա­կան ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն։ «Չ­կայ նման բան, իսկ ի­րենց զո­հե­րին ու վի­րա­ւոր­նե­րին դեռ եր­կար են «դուրս տա­լու»։ Ի­րենց իւ­րա­քան­չիւր զո­հին ու վի­րա­ւո­րին բա­ցա­յայ­տե­լու ժա­մա­նակ մի նոր՝ չե­ղած հայ­կա­կան դի­վեր­սիա պէտք է յօ­րի­նեն»,- յայտ­նած է ­Յով­հան­նի­սեան։