Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան բարձր գնահատած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (Ե.Ժ.Կ.) կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած բանաձեւի ընդունման փաստը պարզ պատճառով մը. այստեղ կը խօսուի ոչ միայն ճանաչման, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն, հատուցման եւ այլ կարեւոր հարցերու մասին: «Դրական է նախ բանաձեւի բովանդակութիւնը, որուն համար ալ կը խորհիմ պէտք է գնահատել այս ուղղութեամբ աշխատանք տարած Ե.Ժ.Կ. ընտանիքի անդամ հանդիսացող հայկական երեք կուսակցութիւններու` Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութեան ջանքերը: Կարեւոր է, որ Ե.Ժ.Կ.ի նման մեծ եւ ազդեցիկ կազմակերպութիւնը նման բանաձեւ կ՛ընդունի, որովհետեւ ատիկա ի վերջոյ երկրի մը մէջ գոյութիւն ունեցող առանձին կուսակցութեան տեսակէտ չէ, ասիկա Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ներկայութիւն ունեցող եւրոպական կուսակցութիւններու ընտանիքին կեցուածքն է»,- ըսած է ան: