Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը կրկին լարուած է. հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտման դէպքերը աւելցած են շուրջ երեք անգամով»,- ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի
մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին երէկ տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Յովհաննիսեան յայտնած է, որ քանի մը օր շարունակ իրավիճակը լարուած եղած է. ատրպէյճանական կողմը կրկին դիմած է սադրանքներու` քանի մը վայրերու մէջ փորձելով ապակայունացնել իրավիճակը: «21 Փետրուարէն ետք, դժուարութեամբ կայունացած իրավիճակը, Ատրպէյճանի քայլերուն հետեւանքով, կրկին լարուած է: Սադրանքէն ետք պաշտպանութեան բանակը իրականացուցած է պատժիչ գործողութիւններ: Ունինք կարգ մը տեղեկութիւններ ատրպէյճանական կողմին վերաբերեալ. մեր դիտարկումով՝ պէտք է ունենան արդէն 3 սպանեալներ, որոնցմէ մէկուն ինքնութիւնը արդէն որոշ է՝ Միրզայեւ Մեհտին Ապիօղլու»,- ըսած է ան: Տեղի ունեցածին առնչութեամբ, ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղարին, հայկական կողմը հրաւիրած է միջազգային միջնորդական կառոյցներուն ուշադրութիւնը եւ զգուշացուցած` «ատրպէյճանական կողմին վրայ կ՛իյնայ ծանր հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը»: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւններու հաղորդագրութիւններուն, տարուան սկիզբէն ի վեր հակառակորդի գնդակէն զոհուած է 15 անձ, ներառեալ` 3 խաղաղ բնակիչ: Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ այս ընթացքին ատրպէյճանական կողմը ունեցած է շուրջ երեք անգամ աւելի կորուստ, սակայն այդ մասին չի յայտներ: Պատճառը, ըստ Յովհաննիսեանի, Ատրպէյճանի նախագահին 24 Սեպտեմբեր 2014ի յայտնի հրամանագիրն է` «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ անվտանգութեան շարք մը կանոններու վերաբերեալ»:
«Ենթարկուելով այդ կարգադրութեան, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանրութենէն ուղղակի կը պահէ սեփական կորուստներուն մասին տեղեկութիւնը»,- եզրափակած է Յովհաննիսեան: