Սահմանին իրավիճակը լարուած է: Այս մասին ըսած է պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:
Ան նշած է, որ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտելու դէպքերը կրկնակի, եռակի անգամ աւելցած են: Մամուլի քարտուղարը ըսած է, որ հակառակորդին կողմէ քանի մը անգամ իրականացուած են ներթափանցման փորձեր, միայն մէկ անգամ անոնք յաջողած են մօտենալ մեր դիրքերուն, բայց հայկական կողմը կրցած է ետ շպրտել զանոնք, սակայն ունինք երկու զոհ:
Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է նաեւ, որ սադրանքէն ետք Պ.Բ. զինծառայողները խոցած են Ատրպէյճանի երեք զինծառայողներ: Հայկական կողմը կը հրաւիրէ միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը եւ կը յիշեցնէ, որ ատրպէյճանական կողմի վրայ կ՛իյնայ ծանր հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Շաբաթ, 28 Փետրուարին, պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի զինուորական յենակէտերուն ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է ներթափանցման փորձի: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ճիշդ ժամանակին ճշդած են հակառակորդին յատուկ ջոկատայիններուն յառաջխաղացումը եւ վերջիններուն պատճառելով կորուստներ` զանոնք մղած են վերադառնալու իրենց դիրքերը:
Դժբախտաբար, դիմադրութեան ընթացքին զոհուած են զինուորական ծառայողներ, 1979ի ծնունդ Արտակ Աղէկեան եւ 1995ի ծնունդ Հայկ Բարոյեան: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: