Print
Category: Հայաստան-Արցախ

27 ­Փետ­րո­ւա­րին, Հ.Յ.Դ. ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած դէ­պի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղ զօ­րակ­ցա­կան եր­թին մաս­նա­կից­նե­րը՝ մօտ 1200 հո­գի, կանգ ա­ռին ­Քա­շա­թա­ղի ­Բեր­ձոր շրջա­նին մէջ: ­Հիւ­րե­րը դի­մա­ւո­րե­ ցին Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի եւ ­Քա­շա­թա­ղի ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րը: ­Տե­ղի ու­նե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ:
Հիւ­րե­րուն ող­ջու­նե­ցին Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ, Աս­կե­րա­նի քա­ղա­քա­պետ Ա­լէօ­շա ­Գաբ­րիէ­լեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Քա­շա­թա­ղի «­Միջ­նա­բերդ» ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­րին ­Գալս­տեան: Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեան, այս ա­ռի­թով ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ, յայտ­նեց, որ Ար­ցա­խի մէջ կա­տա­րե­լիք բազ­մա­թիւ աշ­խա­տանք­ներ կան, եւ պա­տո­ւախնդ­րու­թեամբ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը: «Ար­ցա­խում ե­ղել ենք պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րին, ե­ղել ենք հա­զար­նե­րով, ա­զա­տագ­րել ենք մեր հայ­րե­նի­քը, շատ զո­հեր ենք ու­նե­ցել, եւ ­Ղա­րա­բա­ղը սրբու­թիւն է մեզ հա­մար: Ար­ցա­խը մեր գերխն­դիրն է. հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կան կար­միր գծեր, ո­րոնք ոչ մէ­կը խախ­տե­լու ի­րա­ւունք չու­նի, այդ գծե­րից է նաեւ Ար­ցա­խը»,- հաս­տա­տեց ան: ­Նա­խա­ձեռ­նու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն Ի­գոր ­Սարգ­սեան տե­ղե­կա­ցուց, որ եր­թին մաս­նակ­ցեցան ­Հա­յաս­տա­նի բո­լոր մար­զե­րու, Ե­րե­ւա­նի եւ ­Ջա­ւախ­քի Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ: Ա­ռա­ջին օ­րը Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ կա­տա­րո­ւեցաւ մո­մա­վա­ռու­թիւն: ­Յա­ջորդ օ­րը կա­տա­րո­ւեցան ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­ներ, եր­թին մաս­նա­կից­նե­րը այ­ցե­լեցին ­Շու­շի եւ ի­րա­կա­նաց­ուցին տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ։ ­Գե­ղար­քու­նի­քի մար­զի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ Է­դո­ւարդ Աս­լա­նեան կա­րե­ւոր նկա­տեց նման մի­ջո­ցա­ռում՝ նշե­լով, որ եր­թին մաս­նա­կից­նե­րէն շա­տեր Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ են:

­­Նա­խա­գահ ­Սա­հա­կեան ըն­դու­նած Է Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը

­

Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան 27 ­Փետ­րո­ւա­րին ըն­դու­նած է Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեա­նը:
Նա­խա­գա­հի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թե­նէն փո­խան­ցած են, որ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ո­րուն մաս­նակ­ցած էր ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի փոխ-վար­չա­պետ Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան, քննարկուած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան-ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման եւ ներ-հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն վե­րա­բերեալ հար­ցեր: