Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր պա­հուս­տա­յին ֆոն­տէն Տա­ւու­շի մարզ­պե­տա­րա­նին պի­տի յատ­կաց­նէ 6 մի­լիոն 337 հա­զար դրա­մի պե­տա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն` 5-12 Յու­նո­ւար 2015 թո­ւա­կա­նին հա­կա­ռա­կոր­դի գնդա­կո­ծու­թեան հե­տե­ւան­քով մար­զի սահ­մա­նա­մերձ հա­մայնք­նե­րու բնա­կիչ­նե­րու տու­նե­րուն հաս­ցո­ւած վնաս­նե­րը հա­տու­ցե­լու նպա­տա­կով:

«Ար­մէնփ­րես»ի հա­ղորդ­մամբ` կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նշած է, որ ըն­դու­նո­ւած ո­րոշ­մամբ կը վե­րա­կանգ­նո­ւի սահ­մա­նա­մերձ հինգ հա­մայնք­նե­րու գոյ­քի կո­րուս­տը: «­Սահ­մա­նա­մերձ հա­մայնք­նե­րի բնա­կիչ­նե­րի խնդիր­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու են գտնո­ւել Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան կենտ­րո­նում»,- ը­սած է վար­չա­պե­տը:

2015 թո­ւա­կա­նի Յու­նո­ւար 11ի լոյս 12ի գի­շե­րը, Հ.Հ. Տա­ւու­շի մար­զի տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած գնդա­կո­ծու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով յա­ռա­ջա­ցած վնաս­նե­րը գնա­հա­տե­լու նպա­տա­կով՝ Հ.Հ. վար­չա­պե­տի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ Հ.Հ. տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման եւ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րի հրա­մա­նով ստեղ­ծո­ւած էր աշ­խա­տան­քա­յին խումբ:

Ու­սում­նա­սի­րու­թեան ար­դիւն­քով պար­զո­ւած է, որ, «ընդ­հա­նուր առ­մամբ, վնա­սո­ւած է 6 հա­մայն­քի 134 բնակ­չի գոյք` 6 մի­լիոն 337 հա­զար դրամ ար­ժէ­քով: Մաս­նա­ւո­րա­պէս, Բեր­քա­բեր հա­մայն­քին մէջ գնդա­կո­ծու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով տու­ժած է 66 քա­ղա­քա­ցի, վնա­սի ընդ­հա­նուր չա­փը կը կազ­մէ 2 մի­լիոն 668 հա­զար դրամ: Բա­րե­կա­մա­ւան հա­մայն­քին մէջ տու­ժած է 28 քա­ղա­քա­ցի, վնա­սի ընդ­հա­նուր չա­փը կը կազ­մէ 1 մի­լիոն 601 հա­զար դրամ, Չի­նա­րիի մէջ` 4 քա­ղա­քա­ցի, վնա­սի ընդ­հա­նուր չա­փը կը կազ­մէ 88 հա­զար դրամ, Կո­թիի մէջ` 31 քա­ղա­քա­ցի, վնա­սի չա­փը կը կազ­մէ 1 մի­լիոն 96 հա­զար դրամ, Բա­ղա­նի­սի մէջ` 2 քա­ղա­քա­ցի, վնա­սի ընդ­հա­նուր չա­փը կը կազ­մէ 105 հա­զար:

Պա­ռա­ւա­քար, Կո­թի եւ Բեր­քա­բեր հա­մայնք­նե­րուն մէջ Յու­նո­ւար 5-12ի ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին վնա­սո­ւած է 3 մե­քե­նայ, վնա­սի ընդ­հա­նուր չա­փը կը կազ­մէ 778 հա­զար դրամ:

«­Տա­ւու­շի մար­զի Ատր­պէյ­ճա­նի հետ սահ­մա­նա­կից հա­մայնք­նե­րուն մէջ Յու­նո­ւար 5էն 12 ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին տե­ղի ու­նե­ցած գնդա­կո­ծու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած վնաս­նե­րը գնա­հա­տե­լու նպա­տա­կով՝ աշ­խա­տան­քա­յին խում­բը հիմք ըն­դու­նած է Տա­ւու­շի մարզ­պե­տի պա­տո­ւէ­րով «­Գէոպ­րոեկտ» Ս.Պ.Ը.ի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած մար­զի Բեր­քա­բեր, Բա­ղա­նիս, Բա­րե­կա­մա­ւան, Կո­թի, Չի­նա­րի եւ Պա­ռա­ւա­քար հա­մայնք­նե­րու գնդա­կո­ծու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով վնա­սո­ւած գոյ­քի շու­կա­յա­կան ար­ժէ­քի գնա­հատ­ման հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւ­նը»,- նշո­ւած է հիմ­նա­ւոր­ման մէջ: