Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ­Փետ­րո­ւար 20 ին տե­սակ­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած ԵԱՀԿ-ի մաս­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րու դես­պան­նե­րուն հետ:

Աշ­խա­տան­քա­յին ճա­շի ձե­ւա­չա­փով տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին, նա­խա­գա­հը կա­րե­ւոր նկա­տած է ա­ւան­դա­կան դար­ձած այս­պի­սի ան­մի­ջա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու միտ­քե­րու փո­խա­նա­կու­մը:

­Նա­խա­գա­հը իր նե­րա­ծա­կան խօս­քին մէջ բարձր գնա­հա­տած է ԵԱՀԿ-ի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ նե­րու­ժը եւ­րո­պա­կան անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման, ինչ­պէս նաեւ տագ­նապ­նե­րու լուծ­ման գոր­ծին մէջ: ­

­Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թին` ընդգ­ծե­լով, որ ԵԱՀԿ-ի ­Մինս­քի խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու աշ­խուժ դե­րա­կա­տա­րու­թեան պահ­պա­նու­մը շատ կա­րե­ւոր է ոչ միայն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի կող­մե­րուն եւ մեր ան­մի­ջա­կան շրջա­նին, այլ նաեւ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի անվ­տան­գու­թեան հա­մար: ­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ան­գամ մը եւս ընդգ­ծած է տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով բազ­միցս հրա­պա­րա­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի այն դիր­քո­րո­շու­մը, ըստ ո­րուն, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ ­Հել­սին­քիի եզ­րա­փա­կիչ հռչա­կա­գի­րի սկզբունք­նե­րը չեն կրնար կա­մա­յա­կա­նօ­րէն մեկ­նա­բա­նո­ւիլ, եւ ա­նոնց­մէ ոչ մէ­կը կրնայ գե­րա­կայ ըլ­լալ միւ­սին նկատ­մամբ:

­Նա­խա­գա­հը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Մինս­քի խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հող եր­կիր­նե­րու միջ­նոր­դու­թեամբ ան­ցեալ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թը, այս հանգ­րո­ւա­նին գո­յու­թիւն ու­նե­ցող մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու խնդիր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի մօ­տե­ցում­նե­րը առ­կայ խնդիր­նե­րու լուծ­ման վե­րա­բե­րեալ:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան նաեւ անդ­րա­դար­ձած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կին ա­ռի­թով 2015 թո­ւա­կա­նին կազ­մա­կեր­պո­ւե­լիք ձեռ­նարկ­նե­րուն, ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի ո­գե­կոչ­ման խոր­հուր­դին, մի­ջազ­գա­յին այժ­մէա­կան խնդիր­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, խա­ղա­ղու­թեան սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին եւ ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րուն: ­Վե­րոն­շեալ հար­ցե­րուն շուրջ տե­ղի ու­նե­ցած է միտ­քե­րու փո­խա­նա­կում: ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը պա­տաս­խա­նած է հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը հե­տաքրք­րող բո­լոր հար­ցում­նե­րուն: