Վենետիկի փառատօնի մրցանակակիր, գերմանաբնակ թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Սպի» շարժանկարը Փետրուար 19էն հնարաւոր պիտի ըլլայ դիտել հայկական շարժանկարի սրահներուն մէջ: Շարժանկարին գործողութիւնները տեղի կ՛ունենան 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ: Շարժանկարը կը պատմէ Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ մարդու` Նազարէթ Մանուկեանի մասին, որ կորսնցուցած է իր ընտանիքը եւ տարիներ ետք յանկարծակի կ՛իմանայ, որ իր զոյգ աղջիկները հնարաւոր է ողջ մնացած են: Ան կը սկսի իր զաւակներուն փնտռտուքները: Շարժանկարին մէջ նկարահանուած են Արսինէ Խանջեան, Սիմոն Աբգարեան, Աքըն Ղազին եւ այլք: Գլխաւոր հերոսը մարմնաւորած է ծագումով ալժիրցի Թահար Ռահիմ: