19 Փետրուարին, 11 տարի առաջ, Պուտափեշտի մէջ ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովը կացինահարեց հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: 2006թ. Ապրիլ 3-ին Պուտափեշտի դատարանը մարդասպան Սաֆարովը դատապարտած էր ցմահ ազա տազրկման՝ 30 տարուան ընթացքին առանց ներման իրաւունքի:Սակայն 2012թ-ին Օգոստոս 31-ին հունգարական կառավարութիւնը ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Սաֆարովը արտայանձնեց Ատըրպէյճանին, որմէ ետք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ներում շնորհեց մարդասպանին, ապա հերոսի կոչում տուաւ:
Ատոր հետեւեցաւ նաեւ պաշտօնի ու կոչումի բարձրացումն ու վերջին 8 տարիներուն չվճարուած աշխատավարձի փոխանցումը:
Այս ամէնուն հետեւեցաւ Հայաստանի որոշումը՝ կասեցնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները Հունգարիոյ հետ:
Յիշեցնենք, որ նոյն օրը ոճրագործը մահափորձ կատարած էր նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու մէկ այլ սպայի նկատմամբ, որ կանխուած էր: