Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նը՝ իր մօ­տե­ցում­նե­րը, ծրա­գիր­նե­րը, երկ­րին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ դիր­քո­րո­շում­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու, բա­ցատ­րե­

լու եւ ճշդե­լու նպա­տա­կով՝ նա­խա­ձեռ­նած է հան­րա­յին քննար­կում­նե­րու հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր շեր­տե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: Ըստ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նի մամ­լոյ դի­ւա­նի հա­ղոր­դագ­րու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան, ­Բիւ­րո­յի ան­դամ Ս­պար­տակ ­Սէյ­րա­նեան, ­Գե­րա­գոյն ­Մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան եւ ­Գե­րա­գոյն ­Մարմ­նի ան­դամ ­Լի­լիթ ­Գալս­տեան, քա­նի մը օր ա­ռաջ, հան­դի­պած են շուրջ եր­կու տաս­նեակ ե­րե­ւե­լի մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հետ: «Հ.Յ.Դ.ն ­կը ցան­կայ քննար­կում­նե­րու մի­ջո­ցով լսել քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կար­ծիք­նե­րը, զա­նոնք մաս­նա­կից դարձ­նել գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հիմ­նա­հար­ցե­րու լուծ­ման»,- մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: