Երկուշաբթի, 17 Փետրուարին, Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ կայացած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը:
«Նիուզ»ի թղթակիցին այս հանդիպման մասին յայտնած է Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար, Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան՝ նշելով, որ հանդիպումը կայացած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ:
Ա. Վարդանեանի խօսքով՝ վերջին օրերուն Դաշնակցութիւնը ամէն ճիգ թափած է երկիրը ցնցումներէ եւ բախումներէ փրկելու համար: