Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 3 Մայիս 2015ին: Ընտրութիւններու նշանակման մասին հրամանագիրը Լ.Ղ.Հ. նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է Փետրուար 12ին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

23 Մայիս 2010ին տեղի ունեցած են Լ.Ղ.Հ. Ազգային ժողովի նախորդ ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքով խորհրդարան անցած էր երեք կուսակցութիւն` Լ.Ղ.Հ. ներկայիս վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած §Ազատ հայրենիք¦` 14 պատգամաւոր, Լ.Ղ.Հ. Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած §Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն¦ª 11 պատգամաւոր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն` 6 պատգամաւոր, ինչպէս նաեւ 6 անկուսակցական պատգամաւորներ: