«Անհնար է փակել դուռը, որ ներսէն կղպուած է»,- յայտարարած է Հ.Հ. Արտգործնախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան` մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիճ Էրտողանի յայտարարութիւնը:
Աւելի առաջ յայտնի դարձած էր, որ պաշտօնական այցով Գոլումպիա ժամանած Էրտողան յայտարարած էր, թէ «Հայաստանը փակած է խաղաղութեան դուռը»:
«Մենք գիտենք, որ հայկական սփիւռքը հակաթրքական քարոզչութիւն կը տանի: Մենք ջանքեր կը գործադրենք նոր էջ բանալու համար, սակայն, դժբախտաբար, մեր մեկնած ձեռքը օդին մէջ մնացած է: Մենք ըսինք` եկէք 100ամեակի նախաշեմին հանենք այդ հարցը քաղաքական օրակարգէն եւ տեղափոխենք գիտական հարթակ: Ապրիլ 24ին մենք հրաւիրեցինք Չանաքքալէ, սակայն Հայաստան փակեց խաղաղութեան դուռը»,- յայտարարած էր Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Տարտանելի պատերազմական գործողութիւններու (Չանաքքալէի ճակատամարտ) 100ամեակին առիթով պետականօրէն կազմակերպելիք ձեռնարկներուն, ի թիւս աշխարհի այլ երկիրներու նախագահներուն, հրաւիրած էր Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Կը նշուի, որ Անգարան կը պատրաստուի 2015ի Ապրիլ 23-24 հիւրընկալելու 102 երկրի նախագահի կամ վարչապետի, որոնց ուղարկուած են մասնակցութեան հրաւէրներ:
Նոյն օրը Հ.Հ. նախագահը պատասխանած է հրաւէրին մերժումով: Հ.Հ. նախագահի պատասխան նամակին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. -«Թուրքիան շարունակում է ժխտողականութեան իր աւանդական քաղաքականութիւնը եւ տարեցտարի «կատարելագործելով» պատմութեան աղճատման իր գործիքակազմը` Կալիպոլիի մարտերի հարիւրամեակն այս տարի առաջին անգամ նշում է Ապրիլի 24ին, այն դէպքում, երբ դրանք սկսուել են 1915 թուականի Մարտի 18ին եւ շարունակուել մինչեւ 1916 թուականի Յունուարի վերջը, իսկ դաշնակիցների ափհանման օպերացիան` Կալիպոլիի ցամաքային մարտերը սկսուել են Ապրիլի 25ին: «Ի՞նչ նպատակ է սա հետապնդում, եթէ ոչ համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի միջոցառումներից շեղելու պարզունակ նպատակ: Մինչդեռ, մինչեւ յիշատակի միջոցառում նախաձեռնելը, Թուրքիա շատ աւելի կարեւոր պարտականութիւն ունէր սեփական ժողովրդի եւ ամբողջ մարդկութեան հանդէպ, այն է` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը»:
Յետ-գրութեամբ Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ տակաւին քանի մը ամիս առաջ Թուրքիոյ նախագահին հրաւիրած է Երեւան` 2015 թուականի Ապրիլ 24ին միասին յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակը. «Մեզ մօտ ընդունուած չէ հիւրընկալուել հրաւիրուողի կողմից` առանց սեփական հրաւէրի պատասխանը ստանալու»: