Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի արտ­գործ­նա­խա­րար Էդ­վարդ ­Նալ­բան­դեան ­Փետ­րո­ւար 7ին ­Միւ­նի­խի մէջ հան­դի­պե­ցաւ Ի­րա­քեան ­Քիւրտս­տա­նի նա­խա­գահ ­Մա­սուդ ­Պար­զա­նիին: ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի եւ

­Քիւրտս­տա­նի Ինք­նա­վա­րու­թեան մի­ջեւ կա­պե­րու զար­գաց­ման առն­չո­ւող շարք մը հար­ցեր։ ­Քիւրտիս­տա­նի ղե­կա­վար ­Մա­սուդ ­Պար­զա­նին ող­ջու­նեց Էր­բի­լում գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սու­թիւն հիմ­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ո­րո­շու­մը եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ ա­նի­կա կը նպաս­տէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայ­նու­մին։

 

Զ­րու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին ա­ռեւտրատն­տե­սա­կան փոխ-գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կո­ւե­լիք հա­մա­տեղ քայ­լե­րը։ ­Նա­խա­գահ ­Պար­զա­նի եւ նա­խա­րար ­Նալ­բան­դեան հա­մա­կար­ծիք էին, որ Էր­բի­լի եւ Ե­րե­ւա­նի մի­ջեւ օ­դա­նա­ւա­յին ու­ղիղ չո­ւեր­թի մօ­տա­լուտ մեկ­նար­կը նոր լիցք կը հա­ղոր­դէ գոր­ծա­րա­րա­կան կա­պե­րուն։ ­Հան­դիպ­ման օ­րա­կար­գին վրայ կա­յին շրջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րը, ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու դէմ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան պայ­քա­րը։ Ի­րա­քեան ­Քիւրտիս­տա­նի ա­ռաջ­նոր­դը ­Հա­յաս­տա­նի արտ­գործ­նա­խա­րարին հան­գա­մա­նա­լից կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց ա­հա­բե­կիչ­նե­րու գոր­ծո­ղու­թեանց հե­տե­ւան­քով Ի­րա­քի հիւ­սի­սը ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը եւ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու դէմ ­Փեշ­մեր­կա­յի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող պայ­քա­րը։ Այս ա­ռու­մով ­Նալ­բան­դեան շեշ­տեց Ի­րա­քի հիւ­սի­սը ապ­րող ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ ե­զի­տի­նե­րու անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հո­վու­մին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ վե­րա­հաս­տա­տեց ­Հա­յաս­տա­նի հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը՝ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու դէմ թա­փո­ւող մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան ջան­քե­րուն։