Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը աշ­խար­հի քրիս­տո­նեայ պե­տու­թիւն­նե­րու շար­քին երկ­րորդն է քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թեամբ: Այս մա­սին՝ ըստ Panorama.am-ի՝ կը գրէ “christiancountries.com” կայ­քը: “Ք­րիս­տո­նեայ պե­տու­

թիւն­ներ” վեր­նագ­րո­ւած նիւ­թին մէջ կը նշո­ւի, որ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը Եր­կիր մո­լո­րա­կին վրայ կը հա­մա­րո­ւի հիմ­նա­կան կրօ­նը` երկ­րա­գուն­դի բնակ­չու­թեան 33%-ը, կամ 2.1 մի­լիառ մարդ կը դա­ւա­նեն քրիս­տո­նէու­թիւ­նը: Աղ­բիւ­րը կը տե­ղե­կացը­նէ նաեւ, որ տար­բեր ազ­գեր ու ազ­գու­թիւն­ներ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ըն­դու­նած են պատ­մու­թեան տար­բեր ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւած­նե­րու, եւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կը նշէ, որ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը որ­պէս պե­տա­կան կրօն ըն­դու­նած է Հա­յաս­տա­նը Ք.ա 301-ին: Իսկ Հ­ռո­մէա­կան կայս­րու­թիւ­նը Ք.ա 313-ին: Ք­րիս­տո­նեայ բնակ­չու­թեան քա­նա­կով Աշ­խար­հի մէջ քրիս­տո­նեայ եր­կիր­նե­րու ա­ղիւ­սա­կի ա­ռա­ջին տաս­նեա­կին մէջ են` Վա­տի­կա­նը (100%), Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը (99,9%), Է­քո­ւա­տո­րը (99.0%), Հա­յաս­տա­նը (98.7%), Հա­սա­րա­կա­ծա­յին Կո­ւի­նեան (98.6%), Ա­րե­ւե­լեան Թի­մո­րը (98.4%), Ա­մե­րի­կեան Սա­մոան (98.3%), Մոլ­տո­վան (98.3%) Յու­նաս­տա­նը (98.0%) եւ Մալ­թան (98.0%): Վ­րաս­տա­նը իր քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թեամբ կը զբա­ղեց­նէ 56-րդ հո­րի­զո­նա­կա­նը 88.6% քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թեամբ, իսկ Ռու­սիան` 95-րդը` 70.3%-ով: 120 քրիս­տո­նէա­կան եր­կիր­նե­րու ա­ղիւ­սա­կը կ­՛եզ­րա­փա­կէ Էս­թո­նիան իր 27.8% քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թեան քա­նա­կով: