Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի նախագահութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նիստերու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովի համակարգող խորհուրդի չորրորդ նիստը:
Անոր կը մասնակցէին Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տ. Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Ն. Մարտիրոսեան, «anews.am» լրատուական կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Ա. Աւետիսեան, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Հ. Զօրեան եւ ուրիշներ: Համակարգող խորհուրդի նիստին կը մասնակցէին նաեւ Ռուսիայէն «Նոյեւ Քովչեկ» թերթի հիմնադիր-խմբագիր Գ. Անիսոնեան եւ Ֆրանսայէն «Նոր Յառաջ» թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ողջունեց ներկաները՝ կարճ անդրադարձ մը կատարելով 2010-ին Լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովին եւ 2011-ին Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովին ընթացքին զանգուածային լրատուամիջոցներուն առնչուած խնդիրներուն:
Օրակարգի առաջին հարցին վերաբերեալ զեկուցեց «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան հաշուետուութիւն ներկայացուց 2011-ին համակարգող խորհուրդին կողմէ իրականացուած աշխատանքներուն մասին:
Գանտահարեանի խօսքին յաջորդեցին քննարկումները, որոնց մէջ շեշտուեցան տարբեր լեզուներով հայանպաստ հրապարակումներուն բացակայութիւնը, օտարալեզու մամուլին մէջ գործող լրագրողները Հայաստան հրաւիրելու անհրաժեշտութիւնը, տեղեկատուութեան թարգմանական խնդիրները, մայրենի լեզուի ուսուցման անհրաժեշտութիւնը եւ այլն:
Օրակարգին երկրորդ հարցը ներկայացուց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժանմունքի պետ Ն. Նալբանդեան: Ան ներկայացուց Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովին եւ 2010-ին Լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովին ընթացքին հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներու լեզուին եւ մատուցման ձեւին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ վերջին տասնամեակներուն հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ անընդհատ վատթարացող խօսքի եւ լրագրական բարոյագիտութեան խախտումները:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը ամփոփեց նիստն ու դրուած հարցերը եւ անդրադարձաւ օրակարգի երրորդ հարցին՝ 2012-ին տեղի ունենալիք Լրագրող¬ ներու համահայկական 6-րդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ օրակարգի ձեւաւորման մասին:
Նախարարին առաջարկով 2012-ին տեղի ունենալիք Լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովը պիտի ընթանայ «Հայ լրագրութիւնը ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրին ներքեւ: Համաժողովը պիտի կազմակերպուի Երեւանի մէջ 19-20 Սեպտեմբեր 2012-ին: Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի հիմքով «Սփիւռքի ամառնային համալսարան»ի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի ունենայ 5 բաժանմունքներ՝ երիտասարդ լրագրողներու, երիտասարդ առաջնորդներու, ուսուցիչներու վերաորակաւորման, մշակութային եւ մայրենի լեզուի արագացուած ուսուցման:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նիստի մասնակիցներուն յորդորեց գործնականի անցնիլ: