Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Ապ­րիլ 23-ին ­Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու եւ նա­հա­տակ­նե­րու Սր­բա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Ա­րա­րո­ղու­թեան հետ կա­պուած ո­րոշ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ “­Մե­դիա­ մաքս”-ին կը տե­ղե­կաց­նէ ­Մայր Ա­թո­ռի ­Հա­յե­ցա­կար­գա­յին գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն, Սր­բա­դաս­ման յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­կար­գող ­Բագ­րատ ե­պիս­կո­պոս ­Գալս­տա­նեա­նը:

Ըստ ­Բագ­րատ ե­պիս­կո­պոս ­Գալս­տա­նեա­նի՝ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ սրբա­դաս­ման հա­մար մշա­կո­ւած ծի­սա­կան ա­րա­րո­ղա­կարգ, ո­րուն ըն­թաց­քին յա­տուկ բա­նա­ձե­ւով պի­տի կա­տա­րո­ւի սուր­բե­րու հռչա­կու­մը, պի­տի նշո­ւի` թէ ո՞ր օ­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ա­նոնց յի­շա­տա­կի տօ­նը եւ պի­տի ընդգր­կո­ւի ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րա­ցոյ­ցին մէջ:

Ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ պի­տի ըն­թեր­ցո­ւի նաեւ սրբա­դա­սե­լի­նե­րու վկա­յա­բա­նու­թիւ­նը, պի­տի կա­տա­րո­ւի սրբա­պատ­կեր­նե­րու օ­ծու­մը եւ մա­սուն­քա­րան­նե­րու օրհ­նու­թիւ­նը:

Սր­բա­դաս­ման ա­րա­րո­ղա­կար­գի ժա­մը վերջ­նա­կան ճշգրտման ըն­թաց­քի մէջ է:Ան պի­տի ըլ­լայ 16:30-ին կամ 17:00-ին:

“­Յայտ­նի է, որ այն ա­ւար­տո­ւե­լու է 19:15-ին` խորհր­դան­շե­լով 1915 թո­ւա­կա­նը: Ա­րա­րո­ղա­կար­գից յե­տոյ ­Մայր Ա­թո­ռում եւ աշ­խար­հի բո­լոր հայ եւ, հա­ւա­նա­բար, նաեւ ոչ հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րում 100 ան­գամ հնչե­լու են զան­գե­րը, ո­րին յա­ջոր­դե­լու է լռու­թեան րո­պէն: Լ­ռու­թեան րո­պէից յե­տոյ կրկին ­Մայր Ա­թո­ռում եւ աշ­խար­հի բո­լոր ան­կիւն­նե­րում կը լի­նի “­Հայր ­Մեր”-ի եւ “սուրբ-սուրբ”-ի սուրբ պա­տա­րա­գի հա­տո­ւած­նե­րի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը”,-ը­սած է ան:

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու սրբա­դաս­ման կրնան ներ­կայ ըլ­լալ բո­լոր փա­փա­քող­նե­րը. “­Մեր յոր­դորն ու հրա­ւէրն է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը մաս­նա­կից լի­նի այս ե­զա­կի հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեանն ու պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թեա­նը”,-ը­սած է ­Բագ­րատ ե­պիս­կո­պո­սը: Սր­բա­դաս­ման նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը գրե­թէ ա­ւար­տա­կան փու­լի մէջ են:

Սր­բա­պատ­կե­րու մէջ կը բա­ցա­ռո­ւին ի­րա­կան կեր­պար­նե­րու, սար­սա­փի կամ ա­րիւ­նա­լի տե­սա­րան­նե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը: ­Դեռ 2014 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նո­ւա­րին, Ան­թի­լիա­սի մէջ գու­մա­րո­ւած հեր­թա­կան հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, Սր­բա­դաս­ման յանձ­նա­խում­բը յստակ պայ­ման­ներ սահ­մա­նած էր սրբա­պատ­կե­րի ստեղծ­ման հա­մար:

­Բագ­րատ ե­պիս­կո­պոս ­Գալս­տա­նեա­նը նշած է, որ սրբա­պատ­կե­րի հա­մար յա­տուկ պայ­ման­ներն են լու­սապ­սա­կի առ­կա­յու­թիւ­նը, ա­ղօթ­քի ներշնչ­ման, յաղ­թա­նա­կի եւ յա­րու­թեան գա­ղա­փա­րի ընդգ­ծու­մը, հա­ւա­քա­կա­նու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը, ի­րա­կան կեր­պար­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ սար­սա­փի կամ ա­րիւ­նա­լի տե­սա­րան­նե­րու բա­ցա­ռու­մը:

“Սր­բա­պատ­կե­րի ընտ­րու­թիւ­նը տե­ղի է ու­նե­ցել այս ո­լոր­տում ո­րոշ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցող ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րին յանձ­նա­րա­րու­թիւն տա­լուց եւ պայ­ման­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լուց յե­տոյ: Քն­նարկ­ման տար­բեր փու­լեր անց­նե­լով` պատ­կեր­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւել են նաեւ 2014 թո­ւա­կա­նին գու­մա­րո­ւած ե­պիս­կո­պո­սա­կան ժո­ղո­վին, ո­րից կա­տա­րո­ւել է ընտ­րու­թիւ­նը”,- նշած է ան:

Ապ­րի­լեան նա­հա­տակ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած շա­րա­կա­նը`
ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու սրբա­դաս­ման կար­գին հա­մար

2014 թո­ւա­կա­նին Էջ­միած­նի մէջ գու­մա­րո­ւած ե­պիս­կո­պո­սա­կան ժո­ղո­վը հաս­տա­տած է, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու սրբա­դաս­ման շա­րա­կան ընտ­րո­ւած է ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ միա­բան­նե­րէն լու­սա­հո­գի ­Զա­րեհ ար­քե­պիս­կո­պոս Ազ­նա­ւու­րեա­նի հե­ղի­նա­կած` “Ապ­րի­լեան նա­հա­տակ­նե­րուն” նո­ւի­րո­ւած շա­րա­կա­նի կա­նո­նը իր բո­լոր միա­ւոր­նե­րով:

­Յանձ­նա­րա­րո­ւած է նաեւ հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ աս­տո­ւա­ծա­բան­նե­րէ, բա­նա­սէր­նե­րէ եւ ե­րաժշ­տա­գէտ­նե­րէ կազ­մո­ւած խմբագ­րա­կան յանձ­նա­խումբ ստեղ­ծել, որ, չխախ­տե­լով հե­ղի­նա­կա­յին ի­րա­ւուն­քը, ո­րոշ խմբագ­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րել: Սր­բա­դաս­ման յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մա­կար­գո­ղը նշած է, որ ա­նոնք գրե­թէ ա­ւար­տած են:

“Երբ շա­րա­կա­նի կա­նոնն ամ­բող­ջա­կան, ա­ւար­տուն տեսքն ու­նե­նայ եւ վերջ­նա­կան օրհ­նու­թիւնն ու հաս­տա­տու­մը ստա­նայ, հա­մա­պա­տաս­խան ժա­մա­նա­կին կը ներ­կա­յա­ցո­ւի նաեւ հան­րու­թեա­նը”,- ա­ւել­ցու­ցած է ան:

­Բագ­րատ Սր­բա­զա­նը նշած է, որ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, շուրջ 400 տարուան ընդ­մի­ջու­մէ ետք, կը վե­րա­կանգ­նո­ւի ե­րե­ւոյթ մը, ոը պատ­մա­կան վա­րի­վե­րում­նե­րու պատ­ճա­ռով ընդ­հա­տո­ւած էր:

“Սր­բա­դա­սու­մը մեր ժո­ղովր­դի յա­րու­թե­նա­կան կեան­քի բարձ­րա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, ո­րով ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­ղէ­տը չկա­րո­ղա­ցաւ բնաջն­ջել մեզ. մեր ան­մա­հու­թեան եր­թը թէ՛ երկ­րի վրայ, թէ՛ երկն­քում շա­րու­նակ­ւում է: Այն նաեւ հո­գե­ւոր սխրան­քով եւ ար­ժէք­նե­րով ապ­րող մարդ­կանց զո­հա­բե­րու­թեան, ինք­նա­նո­ւի­րու­մի, սի­րոյ եւ Աստ­ծու հան­դէպ հա­ւա­տար­մու­թեան բարձ­րա­գոյն օ­րի­նակն է”,-եզ­րա­փա­կած է ­Բագ­րատ Ե­պիս­կո­պոս ­Գալս­տա­նեա­նը: