Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի փոխ նա­խա­գահ, Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի ղե­կա­վար Է­դո­ւարդ Շար­մա­զա­նո­վը, Փետ­րո­ւար 2ին հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մօտ Յու­նաս­տա­նի դես­պան

Իոա­նիս Տա­ղի­սի հետ։

 

Դես­պան Տա­ղիս իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց ՀՀ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի յայ­տա­րա­րու­թեան նա­խա­գի­ծի մա­սին, ո­րով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կը ճանչ­նայ եւ կը դա­տա­պար­տէ 1914¬1923 թո­ւա­կան­նե­րուն Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ մէջ յոյ­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու նկատ­մամբ ի­րա­գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի փոխ նա­խա­գա­հը իր կար­գին նշած է, որ իր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նո­ւած նա­խա­գի­ծի նպա­տակն է վե­րա­կանգ­նել պատ­մա­կան ար­դա­րու­թիւ­նը, մի­ջազ­գայ­նօ­րէն դա­տա­պար­տել ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, պաշտ­պա­նել մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ պայ­քա­րիլ թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դէմ։ Է­դո­ւարդ Շար­մա­զա­նո­վը յոյս յայտ­նած է, որ նա­խա­գի­ծը մօտ ա­պա­գա­յին կեան­քի կը կո­չո­ւի։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի փոխ նա­խա­գա­հը եւ Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նը կա­րե­ւոր նկա­տած են Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նէն ներս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կերպ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Կող­մե­րը հա­մո­զում յայտ­նած են, որ Յու­նաս­տա­նի մէջ վեր­ջերս կա­յա­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ եւս կը շա­րու­նա­կո­ւի միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս, բա­րե­կա­մու­թեան խում­բե­րու ամ­րապն­դու­մը եւ հե­տա­գայ զար­գա­ցու­մը։