Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ե­րէ­կո­ւան նիս­տին, երբ կը քննար­կո­ւէր «Շր­ջա­նա­ռու­թեան հար­կի մա­սին» օ­րէն­քին մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու մա­սին հար­ցը, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ՀՅԴ խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան հար­

ցում ուղ­ղած է հիմ­նա­կան զե­կու­ցող` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ե­լեւ­մուտ­քի փոխ­ նա­խա­րար ­Վախ­թանկ ­Մի­րու­մեա­նին:

 

«Իբ­րեւ պե­տու­թիւն, կար­ծես եր­կու խնդիր ու­նինք: Ա­ռա­ջի­նը` բա­րենը­պաստ պայ­ման­ներ ստեղ­ծել, որ փոքր ու մի­ջին ա­ռեւ­տու­րը կա­յա­նայ եւ զար­գա­նայ, երկ­րորդ` ստո­ւե­րը կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ օ­րէն­քին են­թա­կայ դառ­նայ: Ար­դէն երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով է, որ կը յե­տաձ­գենք տա­րի մը ա­ռաջ ըն­դու­նո­ւած օ­րէն­քի կի­րար­կու­մը, ա­ռանց լու­ծե­լու խնդի­րը: Կ­՛ը­սէք, թէ կը քննար­կենք եւ մին­չեւ Յու­լիս կը գտնենք լու­ծում­նե­րը, բայց այս կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ու­նէր ժա­մա­նակ ա­տոր հա­մար: Ի՞նչն է լու­ծու­մը», հար­ցու­ցած է պատ­գա­մա­ւո­րը:

Իսկ ՀՅԴ խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեան իր կար­գին հե­տե­ւեալ հար­ցու­մը ուղ­ղած է. «Ար­դեօք ու­նի՞ք գնա­հա­տա­կան, թէ այս ըն­թաց­քին որ­քան վնաս հաս­ցը­ւած է տնտե­սու­թեան, օ­րէն­քը յե­- տաձ­գե­լով: ­Պատ­գա­մա­ւո­րը նկա­տի ու­նե­ցած է, որ բա­ցա­սա­կան սպա­սում­նե­րը ա­ւե­լի մեծ վնաս կը հասցը­նեն: Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեան նաեւ հար­ցու­ցած է, թէ կա­մա­ւո­րու­թեան գա­ղա­փա­րը ի՞նչ կը ներ­կա­յաց­նէ:

Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ՀՅԴ խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան «Եր­կիր»-ին հետ զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, խօ­սե­լով «Շր­ջա­նա­ռու­թեան հար­կի» վե­րա­բե­րեալ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հին մօտ քա­ղա­քա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու քննարկ­ման մա­սին, նշած է, որ ո­րո­շում տրո­ւած է յե­տաձ­գել այդ հար­ցով ար­տա­կարգ նիս­տը, որ­պէս­զի հար­ցը քննար­կեն յա­ջորդ քա­ռօ­րեա­յ նիստին ըն­թաց­քին, նպա­տակ ու­նե­նա­լով միաս­նա­կան քննար­կու­մով ա­ւե­լի մեծ ար­դիւն­քի հաս­նիլ:

«Բ­նա­կա­նա­բար պէտք է հա­շո­ւի առ­նո­ւին այն պա­հանջ­նե­րը, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նեն ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րը եւ գտնենք բո­լո­րին հա­մար ըն­դու­նե­լի տար­բե­րակ», ը­սած է Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան, ա­ւելց­նե­լով, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նի իր ա­ռա­ջար­կը, կա­րե­ւոր կէ­տե­րէն մէկն այն է, որ որ­դեգ­րո­ւի յա­ռա­ջա­դէմ հարկ­ման սկզբուն­քը, որ կը խրա­խու­սէ մար­դի­կը աշ­խա­տե­լու օ­րէն­քի դաշ­տին մէջ, եւ կրնայ մեծցը­նել ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ծա­ւա­լը, ոչ թէ փոքր եւ մի­ջին ձեռ­նար­կա­տէ­րե­րը փոր­ձեն թաքց­նել ի­րենց ա­ռեւ­տու­րի ծա­ւալ­նե­րը կամ տու­գա­նո­ւիլ:

­Մեր ա­ռա­ջար­կը ա­ւե­լի հա­յե­ցա­կար­գա­յին է, որ ե­թէ ըն­դու­նին, բո­լոր հար­ցե­րու լու­ծում­նե­րը կը գտնո­ւին», ը­սած է Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան: