Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Պաշտօնանկ եղած է ոստիկանապետը

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խորհուրդը, կը թուի, թէ մշտական նիստի մէջ է, ու նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ իշխանութեան վերնախաւը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկելու արշաւի մը ձեռնարկած է:

Երէկ, նախագահը առաջին հերթին պաշտօնանկ ըրած է ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեանը ու նոր ոստիկանապետ նշանակած է պաշտպանութեան փոխ նախարար, նախկին ռազմական դատախազ Վլատիմիր (Վովա) Գասպարեանը: Այս որոշումը առնուած էր Երկուշաբթի երեկոյեան գումարուած ՀՀԿի նիստին ընթացքին:
Նաեւ, ՀՀԿի երէկուան՝ Երեքշաբթի օրուան, նիստէն ետք, ՀՀԿի մամլոյ քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով յայտարարեց, թէ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը պիտի ղեկավարէ նախագահ Սարգսեանի ընտրական շտապը, հետեւաբար, պիտի հրաժարի Ազգային ժողովի իր ներկայ պաշտօնէն:
Երէկ, «Սլաք» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հակառակ բոլոր հերքումներուն, իր պաշտօնէն հրաժարած է տարածքային կառա-վարման նախարար, փոխ վարչապետ Արմէն Գէորգեանը:
ՀՀԿի նիստէն ետք հրապարակուած լուրերը այդ մասին ոչ մէկ նշում կատարած են:
Հայաստանեան մամուլին մէջ նաեւ լայն շըրջանառութիւն գտած է Հայաստանի Զինեալ ուժերու սպայակազմի պետ Եուրի Խաչատուրովի հրաժարականի մասին լուրը, որ, սակայն, հերքուած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սարգսեան, երէկ, Ոստիկանութեան ղեկավար կազմին ներկայացուցած է նորանշանակ ոստիկանապետը՝ Վլատիմիր Գասպարեանը:
Նախագահը նշած է, որ Ալիկ Սարգսեան իրագործած է իրեն առջեւ դրուած խնդիրները, որուն համար ալ անոր շնորհակալութիւն յայտնած է եւ ներկաներուն տեղեկացուցած, թէ Ալիկ Սար-գըսեան նշանակուած է նախագահի խորհրդական:
Նոր ոստիկանապետի նշանակման առթիւ, Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ իր համոզումով, այսօր ՀՀ ոստիկանութիւնը կարիք ունի Վլատիմիր Գասպարեանի «տիպ»ի ղեկավարի մը: Նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ ոստիկանութեան մէջ բարեփոխումները պիտի շարունակուին, եւ մեր ժողովուրդը ինքզինք աւելի պաշտպանուած պիտի զգայ: