Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԼՂՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ  հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն կը տեղեկանանք, թէ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Յունուար 16-ին այցելած է Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղ՝ ծանօթանալու «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան» հիմնադրամի միջոցներով կառուցուած՝ հանրապետութեան մէջ  առաջին անձրեւային համակարգի պայմաններուն:
Վարչապետը կարեւոր նկատեց այդ ձեռքբերումը գիւղատընտեսութեան մէջ նորարարական միջոցներու ներդրման համատեքստով: Ըստ անոր խօսքերուն՝  յատկանշական է, որ առաջին այդպիսի համակարգը կառուցուած է սահմանամերձ գիւղի մէ ջ, որը դրականօրէն կþանդրադառնայ Թալիշի զարգացման եւ գիւղացիներու եկամուտներուն վրայ: Արայիկ Յարութիւնեան հաւաստիացուցած է, որ ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ նաեւ այլ համայնքներու համար՝ գիւղատնտեսական մեթոտներու կիրառումը  խթանելու նպատակով:
Ընդհանուր առմամբ 100 հեկտար ընդգրկող երկու համակարգերը պիտի ծառայեն Թալիշի բնակչութեան՝ ոռոգելով անոնց դաշտերը: Համակարգը արդէն պատրաստ է աշխատելու եւ մօտակայ օրերուն ամբողջութեամբ կը գործարկուի:
Յիշեցնենք, որ 2014 թուականին կառավարութիւնը խոշոր միջոցներ ներդրած էր գիւղի շուրջ 1000 հեկտար հողատարածքը ոռոգովի դարձնելու համար, որը տրամադրուած է բացառապէս Թալիշի բնակիչներուն՝ դեռեւս միամեայ կուլտուրաներ մշակելու նպատակով: Անձրեւային համակարգի ներդրումը սահմանամերձ գիւղի զարգացման երկրորդ փուլն է՝ թիրախ ունենալով համայնքի տնտեսական աշխուժութեան եւ  բնակիչներու բարեկեցութեան մակարդակի աճը: