Print
Category: Հայաստան-Արցախ

24-31 Յունուարին Քուէյթի մէջ տեղի ունեցող հրացանաձգութեան 4-րդ միջազգային կրան փրիին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան՝ հետեւեալ մասնակիցներով. Մարիամ Միքայէլեան, Զարեհ Իգիթեան եւ Նորայր Առաքելեան:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արեգ Սարիբեկեան:
Մարիամ Միքայէլեան, որ մասնակցեցաւ 10 մեթր (40 կրակոց) երիտասարդ աղջիկներու մրցումին, 408,7 կէտ ապահովելով գրաւեց 3-րդ դիրքը՝ տիրանալով պրոնզ մետալի: Այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 11 երկիրներու 16 ներկայացուցիչներ:
Ինչ կը վերաբերի Նորայր Առաքելեանին եւ Զաւէն Իգիթեանին, անոնք հանդէս պիտի գան 29 Յունուարին՝ մասնակցելով օդամղիչ ատրճանակի մրցումներուն: