Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ երէկ կայացաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հանդիպումը Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի հետ:
Հանդիպման շուրջ համաձայնութիւն կայացած էր մի քանի օր առաջ՝ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Փիէր Անդրիոյի եւ Մամետիարովի հանդիպման ժամանակ:
Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք, խօսելով նաեւ իր գործընկերներու անունով, խոստացաւ շարունակել բարձր մակարդակով աշխատանքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: «Թրենտ» ազերիական գործակալութեան խօսելով, ան յայտնած է նաեւ թէ կ'աշխատի, որպէսզի այս տարուայ մէջ Ատպրէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպում կազմակերպէ:
«Յառաջընթացը անհրաժեշտ է սահմանային կտրուկ լարուածութիւնը նկատի ունենալով» ըսած է համանախագահը: