Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Սերժ Սարգսեան. «Տղաներէն իւրաքանչիւրի կեանքին համար ատրպէյճանցիները սուղ պիտի

վճարեն»

 

ՀՀ նախագահ, ՀՀ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան  մասնակցած է հայկական բանակի կազմաւորման 23-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին:
Մինչ զեկոյցներուն անցնիլը, նիստի մասնակիցները մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգած են հայրենիքի սահմանները արիաբար պաշտպանելու ժամանակ զոհուած մերօրեայ հերոսներու եւ արցախեան ազատամարտի տարիներուն իրենց կեանքը զոհաբերած բոլոր զինծառայողներու եւ ազատամարտիկներու յիշատակը:
Աշխատակիցներու նիստին, որ նուիրուած է 2014թ. ուսումնական տարուան մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստականութեան, մարտական հերթապահութեան, զօրքերու եւ շտապներու գործողութիւններու, մարտական պատրաստութեան արդիւնքներուն, զինուորական կարգապահութեան վիճակին, նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկած է բացման խօսքով, նշելով թէ «ուզում եմ սկսել նրանից, որ տարուայ սկիզբը լարուած էր, եւ մենք ականատեսն ենք հակառակորդի բազմաթիւ նախայարձակ գործողութիւնների: Ունեցանք ցաւալի կորուստներ, որոնց համար սգում ենք` ընկած բոլոր տղերքի ընտանիքների եւ հարազատների հետ միասին: Կարծում եմ` որեւէ մէկը չի կասկածում, որ տղերքից իւրաքանչիւրի կեանքի համար ադրբեջանցիները թանկ են վճարելու. նրանք թանկ են վճարել, այսօր թանկ են վճարում եւ ապագայում այդպէս էլ լինելու է»:

Սէյրան Օհանեան. «Բոլոր ճակատներուն վրայ յաղթած ենք թշնամին»

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս, ամփոփիչ ելոյթ մը ունեցաւ նախարար Սէյրան Օհանեանը, անդրադառնալով ՀՀ զինուած ուժերու առջեւ դրուած խնդիրներուն, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովման, եւ միջազգային ու տարածաշրջանային բարդ զարգացումներուն:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գնահատմամբ՝ հայկական զինուած ուժերը իրավիճակի ճշգրիտ գնահատման նախաձեռնողութեան եւ նոր մօտեցումներու որդեգրման շնորհիւ կարողացած են ոչ միայն պաշտպանել երկրի սահմանները, այլեւ դառնալ բոլոր չափորոշիչներով 21րդ դարու համապատասխանող բանակ: «Ատրպէյճանը կը շարունակէ գեր-ռազմականացման քաղաքականութիւնը, իր հասարակութեան մէջ ատելութիւն սերմանելով հայերու նկատմամբ, մերժողական դիրքորոշումը շարունակելով ԼՂ բանակցային գործընթացին մէջ: Հակառակորդը մէկ տարուան ընթացքին եւ նաեւ այս տարի յարձակողական հետախուզական գործողութիւններ ու դիպուկահարներու պատերազմ կÿիրականացնէ, որոնք կը կրեն դիտաւորեալ եւ ծրագրուած բնոյթ, շօշափելով հայկական ուժերու պաշտպանութիւնը եւ սրելով իրավիճակը: Սակայն, ամէնաթոյլ յաջողութեան պարագային, Ատրպէյճանը աւելի լուրջ քայլեր կը կատարէր: Անոնք լուրջ յաջողութեան չեն հասած, եւ անոնց զսպած է հայ զինուորը: Նախորդ տարի հակառակորդին յաղթեցինք բոլոր ճակատներուն մէջ եւ մատնեցինք պարտութեան. ցաւոք, ունեցանք նաեւ զոհեր» դիտել տուած է ՀՀ նախարարը: