Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Պաքուն պաշտօնապէս կը հաստատէ, որ երեք զոհ ունի

Ատրպէյճանական զինուժը կը շարունակէ իր թիրախին պահել հայ-ատրպէյճանական սահմանը եւ

ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծը:
ԼՂ պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, վերջին երկու օրերուն ընթացքին, շփման գծին վրայ հակառակորդը շուրջ 800 անգամ խախտեց հրադադարը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը յայտնեց, որ պատասխան գործողութիւններու աւարտին հակառակորդը տուաւ 3 զոհ եւ 2 վիրաւոր: Պաշտօնական Պաքուն եւս հաստատեց երեք ատրպէյճանի զինուորներու մահուան լուրը: Haqqin.az համացանցային պարբերականին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն, հայկական կողմի արձակուած ականը ինկած է ատրպէյճանական խումբին վրայ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ելոյթ ունենալով պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հայկական բանակի կազմաւորման 23րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր նիստի ժամանակ, խօսած է Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութեան մասին:
Ան նկատել տուած է թէ «Տարուայ սկիզբը լարուած էր եւ մենք ականատեսն ենք հակառակորդի բազմաթիւ նախայարձակ գործողութիւններու: Ունեցանք ցաւալի կորուստներ, որոնց համար կը սգանք:
Մենք պատերազմ հրահրելու որեւէ պատճառ չունենք: Մենք ինքներս միջադէպեր չենք հրահրում: Դուք դրա մասին շատ լաւ գիտէք: Եւ մենք երբեք նախայարձակ չենք լինում: Սակայն մեր հանդէպ ձեռնարկուած ցանկացած միջադէպի հետեւել եւ հետեւելու է հատուցման գործողութիւն: Տաք գլուխները բազմաթիւ անակնկալների պիտի սպասեն: Աւելին, մեր սահմաններին եւ շփման գծի երկայնքով աւելի մեծ եւ սպառնալից կուտակումների պարագայում, մենք մեզ վերապահում ենք կանխարգելիչ հարուածներ հասցնելու իրաւունքը» շեշտած է ՀՀ նախագահը:

 

Էդուարդ Նալբանդեանն ալ կ'անդրադառնայ

Յունուար 26ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ խօսած է նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, դիտել տալով թէ «Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնն իր վարած քաղաքականութեամբ փակուղի է տարել երկիրը եւ հիմա հիստերիկ գործողութիւններով փորձում է դուրս գալ այդ իրավիճակից: Որքանով Ատրպէյճանում սաստկանում են քաղաքական ընդդիմախօսների եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչների նկատմամբ հետապնդումները, բռնութիւնները եւ այդ կապակցութեամբ միջազգային հանրութեան կողմից դատապարտող յայտարարութիւնները, Ատրպէյճանը փորձում է շեղել ուշադրութիւնը եւ սրել իրավիճակը հակամարտութեան գօտում, ինչը բերում է նաեւ մարդկայիին զոհերի»:
ՀՀ նախարարը ցաւով նկատեց, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան համար մարդոց կեանքը կը ստորադասուի ներքին քաղաքական շահերուն առջեւ: «Եւ իրենք իրենց զինուորներին նայում են որպէս համակարգչային վիրտուալ զինուորիկների եւ օրական հարիւրաւոր երիտասարդների դէպի մահ են ուղարկում» ըսած է Նալբանդեանը: