Լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնն ու հետեւանքները
կը մնան Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան խղճին
Անցնող շաբաթավերջին, Տաւուշի մարզի Բերդի տարածաշրջանի մարտական դիրքերէն մի քանիի նկատմամբ կրկին յարձակման փորձեր
կատարուած են։ Շարունակութիւնը կը շարունակէ լարուած մնալ։ Այս ուղղութեամբ արտայայտուած է Հայ Դատի ԱՄՆ գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը, մեղադրելով միջազգային հանրութիւնը, թէ որեւէ կամք չի ցուցաբերեր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կասեցնելու համար։ Ան «Թուիթըր»ի մէջ գրած է թէ «ԵԱՀԿ խումբի միջոցաւ գործող միջազգային հանրութիւնը ունի իշխանութիւն, բայց չունի կամք՝ Ալիեւին կանգնեցնելու համար»։ Համբարեան նշած է թէ Ղարաբաղը ժողովրդավարական երկիր մըն է, որ կը կիսէ ԵԱՀԿ արժէքները եւ կþաջակցի միջազգային հանրութեան խաղաղութեան ճիգերուն, մինչդեռ Ատրպէյճանը իսկական բռնապետութիւն է, որ կը հրահրէ նոր պատերազմ։
Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնած է թէ հայկական ստորաբաժանումները կորուստներ չեն ունեցած, սակայն Ատրպէյճանական կողմը ունի մարդկային կորուստներ. թիւը չէ յայտարարուած։
Վերջին շաբթուն ընթացքին ատրպէյճանցի հակառակորդը, շարունակած է սահմանային իրավիճակը ապակայունացնող իր գործողութիւնները, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ սահմանի տարբեր հատուածներուն վրայ ներթափանցումներով եւ յարձակումներով: Արծրուն Յովհաննիսեան կþըսէ. «Ատրպէյճանական զինեալ ուժերը, առանց նկատի ունենալու իրենց մեծաթիւ կորուստները, զորս կոպտօրէն կը թաքցնեն, կը շարունակեն մարտավարական առումով անիմաստ ներթափանցումներու փորձեր իրականացնել: Երկու օր առաջ, Տաւուշի մարզի Բերդի շրջանի մարտական դիրքերէն քանի մը հատին ուղղութեամբ յարձակում գործուած էր դարձեալ։ Հայկական բանակի համապատասխան ստորաբաժանումներուն կողմէ ժամանակին յայտնաբերուելով մարտ սկսած է, որ տեւած է շուրջ կէս ժամ: Հակառակորդը կորուստներ կրելով եւ մարտական ծրագիրը չկատարելով ետ շպրտուած է, սակայն ցաւօք հայկական կողմը ունի երկու զոհ եւ վիրաւորներ: Զոհուած են սպայ Կարէն Գալստեան եւ շարքային զինուոր Արտակ Սարգսեան»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը բաժնէ մեր շարքերէն հեռացած զինուորներուն, կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոնց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Արծրուն Յովհաննիսեան շեշտած է, որ լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը եւ հետեւանքները կը մնան Ատրպէյճանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութեան խիղճին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը նաեւ գրած է. «Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր լկտի քաղաքականութիւնը սեփական զինուորներուն եւ անոնց հարազատներուն նկատմամբ: Երէկ միայն ցերեկային ժամերուն անոնք կորսնցուցած են երեք զինուորներ Քարվաճառի հատուածին մէջ, իսկ Արցախի հարաւային շրջանին մէջ արձակազէն խումբի հրամանատար մը, որ ինկած է հայուհիի դիպուկ գնդակէն: Ատրպէյճանի քաղաքացիները թող գիտնան, որ իրենց զաւակները ոչ միայն կը սպաննուին, այլ նաեւ կ՛անարգուին սեփական ղեկավարութեան կողմէ»:
Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ թէ պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին նշմարած են ատրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ջոկատայիններու յառաջխաղացքը եւ ետ շպրտած զանոնք: Հակառակորդը դիմագրաւելու ընթացքին պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած: Նախնական տուեալներով, ատրպէյճանցի երեք զինուոր սպաննուած է:
Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը մարտավարական իրադրութիւնը կը շարունակեն պահել վերահսկողութեան տակ՝ անհրաժեշտ պարագային դիմելով պատասխան գործողութիւններու, կը վստահեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: