Երէկ, Յունուար 22-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումը, Ճափոնի արտաքին գործոց պետական նախարար Մինորի Կիուչիին հետ, որ Հայաստան ժամանած է՝ Երեւանի մէջ Ճափոնի դեսպանութեան բացման առիթով:
Ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը նախարար Նալբանդեանը բարձր գնահատեց Երեւանի մէջ դեսպանութիւն հիմնելու Ճափոնի կառավարութեան որոշումը, ինչ որ, նախարարի խօսքերով, առաւել պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման դրական հնարաւորութիւնները։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ պետական նախարար Կիուչին նշեց, որ Ճափոնը կը կարեւորէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ այդպէս ալ պայմանաւորուած է Երեւանի մէջ դեսպանութիւն բանալու որոշումը։
Մինորի Կիուչին փոխանցեց Ճափոնի կառավարութեան ցաւակցութիւնները՝ Գիւմրիի մէջ Յունուար 12-ին տեղի ունեցած ողբերգութեան կապակցութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ 2012ի մէջ ՀՀ նախագահի Ճափոն կատարած այցելութեան ժամանակ պայմանաւորուածութեանց ընթացքը, քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ պարբերական խորհրդակցութիւններու, խորհրդարաններէն ներս գործող բարեկամութեան խումբերու միջեւ փոխ գործակցութեան հարցերով:
Նախարար Նալբանդեանը շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Հայաստանի զարգացման նպաստաող Ճափոնի կողմէ շարունակական աջակցութեան համար՝ ընդգծելով անոնց կարեւոր նշանակութիւնը տարբեր բնագաւառներէն ներս։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզէն ներս յատկապէս փոխ գործակցութիւնը մեծ ներուժ ունի։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շարք մը հրատապ տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու շուրջ։ Պետական նախարար Կիուչին ներկայացուց քորէական թերակղզիէն ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը, իսկ նախարար Նալբանդեանը ներկայացուց Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եռանախագահող երկիրներու ջանքերը՝ ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։