Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն կը շարունակէ այս տարի՝ 2-13 Օգոստոսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 6-րդ խաղերուն կազմակերպման իր նախապատրաստութեան աշխատանքները, կը յայտնէ ArmSport.am:
Համահայկական խաղերու ընդհանուր քարտուղար Բագրատ Պուռնազեան յայտնեց, որ ներկայիս կը շարունակուին մասնակցողներուն դիմումները, մինչ անոնց վերջնական թիւը Ապրիլին յստակացած կ՛ըլլայ:
Իր խօսքին մէջ Պուռնազեան ըսաւ. «Ներկայիս կը յստակացնենք աշխատանքները մարզական ֆետերասիոններուն, համայնքներուն եւ քաղաքներուն հետ: Ինչ կը վերաբերի մասնակցողներուն թիւին, այդ մասին խօսելու համար քիչ մը կանուխ է: Բայց նկատի ունենալով, որ մարզաձեւերուն թիւը՝ բաղդատած նախորդ տարուան, 10-էն պիտի բարձրանայ 17-ի, անպայման մասնակցողներու թիւին իմաստով նոր մրցանիշ մը պիտի հաստատուի:
«Բացի ատկէ, առաջին անգամ ըլլալով մասնակցողներուն կեցութեան բոլոր ծախսերը պիտի հոգայ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն, ինչ որ զգալիօրէն պիտի թեթեւցնէ մասնակցողներուն ծախսերը»:
Նշենք, որ մասնակցողներու թիւին իմաստով այս խաղերուն մրցանիշը հաստատուեցաւ 2011-ին, երբ մարզիկներուն թիւն էր 3244: