Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը «անթոյլատրելի կը համարէ» Գիւմրիի ողբերգութեան քաղաքականացումը
Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամներու սպանութեան պատճառով ժողովրդային ցասումը դեռ կը շարունակուի:
Երեխային մահուան լուրին հրապարակման զուգահեռ Գիւմրիի մէջ ապահովութեան աւելի խիստ միջոցներու ձեռնարկուած է: Յատկապէս ռուսական հիւպատոսարանին եւ զինուորական խարիսխին շուրջ ապահովութիւնը ամրապնդուած է, զանոնք պաշտպանելու համար բողոքի նոր ալիքի մը դէմ: Ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան Գիւմրի գացած է, ուր հանդիպումներ ունեցած է ոստիկանութեան տեղական պատասխանատուներու, Շիրակի մարզպետին, ինչպէս նաեւ քաղաքի երեսփոխաններուն հետ:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խօսած է դէպքի մասին, յայտնելով թէ «Գիւմրիի ողբերգութեան քաղաքականացումը անթոյլատրելի է: Մոսկուան համոզուած է, որ հայ ժողովուրդը նման պրովոկացիաների չի տրուիր»:
Լաւրով աւելցուցած է, թէ «Մենք կը սգանք Հայաստանի հետ միասին եւ կÿընենք ամէն ինչ, որ այդ յանցագործութիւնը անպատիժ չմնայ: Որպէսզի մեղաւորը կրէ ամէնածանր պատիժը: Նաեւ ամէն ինչ կÿընենք, որ ապագային նման բան չկրկնուի»:
Լաւրով կրկնած է թէ ոճրասպան Վալերի Փերմիաքովի դատավարութիւնը պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ ու պիտի կրէ «ըստ հնարաւորի համատեղ եւ հրապարակային» բնոյթ: