Հայ զինուոր մը զոհուած է
Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գծի Քարվաճառի պաշտպանական ուղղութեամբ Յունուար 20ի լոյս 21ի գիշերը՝ ժամը 03:00ի շուրջ, հակառակորդը յարձակման հետախուզական ներթափանցման փորձ կատարած է:
Հայկական առաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են հակառակորդի յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացքը եւ անոնց կորուստներ պատճառելով, ետ մղած են իրենց սահմանագիծէն անդին:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, ծաւալած մարտերու ժամանակ զոհուած է երիտասարդ զինուոր Նահապետ Արտակի Ասատրեանը եւ վիրաւորուած է Յովհաննէս Օննիկի Գասպարեանը:
ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ երիտասարդ զինուորի կորուստի ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Նահապետ Ասատրեանի ընտանիքի անդամներուն եւ ծառայակիցներուն:
Միջադէպի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի: