Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունուար 19-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Կիպրոսի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Եորղիոս Քասուլիտիս (նստավայրը՝  Մոսկուա) իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանին:
Շնորհաւորելով դեսպանը իր նշանակման կապակցութեամբ՝ նախարարի տեղակալը նշեց, որ պատմական բարեկամութեան եւ նոյնական արժէքներու վրայ խարսխուած հայ-կիպրական յարաբերութիւնները ամուր հիմք կը հանդիսանան  փոխ շահաւէտ համագործակութեան զարգացման համար:
Նախարարի տեղակալը յաջողութիւն մաղթեց կիպրացի դիւանագէտին իր ապագայ առաքելութեան հարցով՝ յոյս յայտնելով, որ դեսպանը նոր լիցք կը հաղորդէ երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան:
Դեսպան Քասուլիտիս նշեց, որ Կիպրոսի մէջ առանձնայատուկ ջերմութեամբ կը վերաբերին հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին նկատմամբ եւ յատուկ կարեւորութիւն կուտան երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման: Ան վստահեցուց, որ պիտի ջանայ Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ համակողմանի փոխ գործակցութեան աշխուժ զարգացումը առաջ մղել:
Զրուցակիցները մանրամասնօրէն քննարկեցին հայ-կիպրական երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր՝ քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային համագործակցութեան, համատեղ իրականացուող ու նախատեսուող ծրագրեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեայ տարելիցի միջոցառումներուն: