Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքի մշակոյթի տան մէջ ՀՀ Զինուած Ուժերու բանակային երկրորդ կորպուսի հրամանատարական կազմի, պետական կառավարման ներկայացուցիչներու հետ կայացած հանդիպման ընթացքին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, հայոց բանակին համար յաղթական տարի բնորոշելով 2014 թուականը, նշեց որ այն դիրքերու ամրապնդման տարի եղաւ բոլոր առումներով՝ թէ պաշտպանական դիրքերուն, թէ հասարակութեան աջակացութիւնը ստանալու, մարդոց մէջ բանակի հանդէպ յարգանք ներշնչելու առումներով:
Սէյրան Օհանեանը ներկայացուց նաեւ հակառակորդի գործողութիւնները մշտապէս վերահսկելու եւ անոր չեզոքացնելու մարտավարութիւնը, որ որդեգրուեցաւ, ուր վճռական դեր խաղաց հայոց բանակի մարտունակութիւնը եւ բարձր պատրաստակամութիւնը, աւելի շատ՝ որակը, քան քանակը: «Մենք մշտապէս մէկ քայլ առաջ պիտի գտնուենք հակառակորդից, սրընթաց գործողութիւններով ծնկի իջեցնելով նրան, ինչպէս որ եղել է մինչ այժմ»: