Բազմամարդ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ
Գիւմրիի 102-րդ խարիսխի շրջակայքը հաւաքուած բողոքի շարժումին մասնակիցներուն հետ հանդիպելու եկած Շիրակի մարզի դատախազ Րաֆֆի Ասլանեան, գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք, վկայակոչելով գլխաւոր դատախազը, նշած է, որ Աւետիսեաններու ընտանիքի 6 անդամներուն սպանութեան համար մեղադրուող զինուոր Վալերի Փերմեաքովի հետագայ ճակատագիրին վերաբերեալ սկսած են խորհրդակցութիւններ, որոնք շարունակուեցան նաեւ Հինգշաբթի:
«Խորհրդակցութիւններու աւարտէն ետք դատախազութիւնը յայտարարութիւն մը պիտի ընէ», ըսած է Ասլանեան:
Շիրակի մարզի դատախազը ցուցարարներուն թելադրած է բողոքի շարժումը շարունակել Շիրակի մարզի դատախազութեան շէնքին մօտ:
«Մարզի դատախազը Վալերի Փերմեաքովը հոս բերող, դատողը չէ: Ոչ ոք մարզի դատախազէն աւելի թող մտածէ: Այստեղ կանգնելով ոչինչ կը փոխէք, գործին օգուտ չենք տար, եկէք երթանք դատախազութեան շէնքին մօտ: Առանց լրագրողներու, քանի մը հոգի կրնան բարձրանալ վեր, ուր կը բացատրենք մեր ընելիքները: Այստեղ կենալով բան չի փոխուիր: Կ՛առաջարկեմ շարժիլ դէպի դատախազութեան շէնք», այսպիսի խօսքերով դատախազը փորձած է զայրացած գիւմրեցիները ռուսական 102-րդ խարիսխէն տեղափոխել դատախազութեան շէնք:
Յայտնենք, որ Գիւմրիի սպանդին համար մեղադրուող Վալերի Փերմեաքով կալանաւորուած կը մնայ այս խարիսխին մէջ: Գիւմրեցիները պահանջեցին Փերմեաքովն ու անոր դատը յանձնել հայկական կողմին:
Ցուցարարները 22 ժամ տուած էին դատախազութեան՝ խոստանալով 22 ժամ ետք կրկին հաւաքուիլ եւ դատախազութեան պատասխանին հիման վրայ որոշել իրենց հետագայ քայլերը:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան երէկ վերահաստատեց նախապէս իր կատարած յայտարարութիւնը, թէ Գիւմրիի ոճրագործութիւնը կատարած անձը պատասխանատուութեան եւ պատիժի պիտի ենթարկուի Հայաստանի տարածքէն ներս: Անկէ զատ, գլխաւոր դատախազը ընդգծեց, որ Փերմեաքովին յանձնելու հարց չի քննարկուիր, քանի որ ան արդէն իսկ կը գտնուի Հայաստանի մէջ, թէեւ՝ ռուսական կողմի իրաւազօրութեան տակ: Գէորգ Կոստանեան շեշտեց թէ իրենք չեն պատրաստւուիր որեւէ մէկուն զիջելու իրենց իրաւասութիւնները, եւ Հայաստանի ամբողջ իշխանութիւնը, ամբողջ իրաւական համակարգը հետեւողական պիտի ըլլայ այս հարցին մէջ:
Նախագահին նստավայրին մէջ խորհրդակցութիւն Գիւմրիի ոճիրի հարցին շուրջ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան իր նստավայրին մէջ գլխաւորած է խորհրդակցութիւն մը՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի:
Քննարկուած է Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած յանցագործութեան մեղաւոր Վալերի Փերմեաքովին հարցը:
Քայլարշաւ կազմակերպուած է նաեւ դէպի նախագահին նստավայրը: 300-է աւելի քաղաքացիներ կռնակ դարձուցած են նախագահական նստավայրին դիմաց՝ ի նշան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին նկատմամբ արհամարհանքի: Թէեւ քայլարշաւը ինքնաբուխ եղած է, սակայն երթը ղեկավարած են քաղաքացիական գործիչներ Արգիշտի Քիվիրեան եւ Դանիէլ Իոնիսեան: Շարժումին մասնակիցները պահանջած են Գիւմրիի մէջ կատարուած սպանդին կապակցութեամբ սգոյ օրեր յայտարարել եւ Փերմեաքովին դատը փոխանցել Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահներուն:
Շարժումին մասնակիցներուն նախագահական նստավայրէն տեղեկացուցած են, որ կը պատասխանեն ներկայացուած պահանջին:
Նշենք, որ Աւետիսեաններու ընտանիքի անդամներուն հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Գիւմրիի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը երէկ: