Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Եւրոտեսիլ-2015» երգի միջազգային մրցոյթի հայաստանեան պատուիրակի անունը եւ երգը յայտնի կը դառնան Փետրուարին: Մրցոյթի պաշտօնական հեռարձակող՝ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւնը պիտի կատարէ  երգիչի եւ  երգի ներքին ընտրութիւն: Մրցոյթը տեղի  պիտի ունենայ Աւստրիայի մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ՝ «Կառուցելով կամուրջներ» նշանաբանին տակ: Այս տարուայ համար ընտրուած խորագիրը կը խորհրդանշէ Եւրոպան, որը բոլորին կը միաւորէ:
Մրցոյթի կազմակերպիչները կը կարծեն, որ «Եւրոտեսիլի» միջոցով մշակոյթներ կը համախմբուին՝ կառուցելով կամուրջներ: Մրցոյթի այս տարուայ տարբերանշանը թափանցիկ երկրագունդի տեսք ունի, որու վրայէն կամուրջներ կþանցնին՝ ներկայացնելով տարբեր ազգի երգիչներու առանձնայատկութիւններն ու միասնութիւնը:
Այս տարի մրցոյթին կը մասնակցի 39 երկիր՝ Հայաստանը, Ալպանիան, Աւստրիան, Ատրպէյճանը, Պելառուսը, Պելճիքան, Կիպրոսը, Չեխիան, Դանիան, Էսթոնիան, Ֆինլանտան, Ֆրանսան, Սքոփիան, Վրաստանը, Գերմանիան, Յունաստանը, Հունգարիան, Իսլանտան, Իռլանտան, Իսրայէլը, Իտալիան, Լատվիան, Լիտվան, Մալթան, Մոլտովան, Մոնթենեկրոն, Հոլանտան, Նորվեկիան, Լեհաստանը, Փորթուկալը, Ռումանիան, Ռուսաստանը, Սան Մարինոն, Սերպիան, Սլովենիան, Սպանիան, Շուէտը, Զուիցերիան եւ Մեծ Բրիտանիան: Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան անդամ մի քանի երկիրներ՝ Ուքրանիան, Պուլկարիան, Պոսնիա եւ Հերցոգովինան, Սլովաքիան, Թուրքիան, Լիխտենշտայնը եւ Լիւքսեմպուրկը  տարբեր պատճառներով հրաժարած են մրցոյթէն:
Մրցոյթի կիսաեզրափակիչ փուլերը կը կայանան Մայիս 19-ին եւ 21-ին, իսկ եզրափակիչը՝ Մայիս 23-ին: yerkir.am