Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եւրոպական ընտանիքը անցեալ շաբաթ մէկ քայլ եւս առաւ Հայաստանի քաղաքացիներուն առջեւ իր դռները բանալու ուղղութեամբ. Եւրոպական Միութեան անդամ տասը երկիրներ եւ պաշտօնական Երեւանը Լիւքսեմպուրկի մէջ հռչակագիր մը ստորագրեցին՝ արտագաղթի մարզին մէջ համագործակցելու վերաբերեալ:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, օրէնքի պարտադիր ուժ չունեցող այս գործընկերութիւնը կարելիութիւն կու տայ կողմերուն միացեալ եւ աւելի լաւ կառավարել արտագաղթի հոսքերը, կանոնակարգել հայաստանցիներուն օրինական մուտքը Եւրոպական Միութիւն, ինչպէս նաեւ պայքարիլ անօրինական արտագաղթին դէմ՝ Եւրոպական Միութեան, Հայաստանի եւ գաղթողներուն շահերը պաշտպանելու նպատակով:
Նմանօրինակ փաստաթուղթ  Եւրոպական Միութիւնը մինչեւ այսօր ստորագրած էր նախկին Խորհրդային Միութեան ընդամէնը երկու երկիրներու՝ Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ հետ: Փաստօրէն, երրորդը Հայաստանն է:
Նախքան հռչակագիրին ստորագրումը, Եւրոպական յանձնաժողովի ներքին գործերու յանձնակատար Սեսիլա Մալմսթրեոմ յայտարարեց, որ այս գործընկերութեան սկիզբը շատ կարեւոր յառաջընթաց քայլ մըն է Եւրոպայի եւ Հայաստանի քաղաքացիները մօտեցնելու ուղղութեամբ: Ըստ անոր, այս փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ յառաջիկային ստորագրուելիք այցեգիրերու դիւրացման եւ գաղթողներու ետդարձի եւ ընդունման մասին համաձայնագիրները շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին Եւրոպայի եւ Հայաստանի քաղաքացիներու տեղաշարժի կարելիութիւնները ընդլայնելու գործին մէջ:
Եւրոպական Միութեան ընդարձակման եւ եւրոպական դրացնութեան հարցերով յանձնակատար Օլի Ռէն նաեւ բարձր գնահատեց գործընկերութեան մասին փաստաթուղթը: Ան ընդգծեց, որ այս համագործակցութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու պատրաստակամութիւնը՝ իրարու հետ աւելի համարկուելու գծով: Այդ համարկումի կարեւոր բաղադրիչներէն է մարդոց տեղաշարժի դիւրացումը եւ Հայաստանի ու ԵՄ քաղաքացիներուն միջեւ յարաբերութեանց աշխուժացումը: