Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Յունուար 10-ին լոյս 11-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գծին վրայ նկատուած է հրադադարի խախտումներու աճ:
Հակառակորդը զինադադարի դրութիւնը խախտած է շուրջ 2500 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 25000 կրակոց:
Բացի վերոնշյալ խախտումներէն, հակառակորդը շփման գծի որոշ հատուածներու վրայ օգտագործած է նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր:
Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը առաջնագծի ամբողջ երկայնքով կը շարունակեն վստահօրէն տիրապետել մարտավարական իրադրութեան, եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն համապատասխան գործողութիւններու: