Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Կիրակի Հոկտեմբեր 23, 2011-ին, Տիգրանակերտի մէջ վերաբացուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ  Միջին Արեւելքի մեծագոյն կալուածը՝  Սուրբ Կիրակոսը:

 

Եկեղեցւոյ տարածքը 1400 քառ. մեթր է, իսկ համալիրինը՝  3500, ուր կը գտնուի  հոգեւորականի բնակավայր, դպրոց, աղքատներու կերակուր սպասարկող ճաշարան, հաւաքման սրահ:  Տաճարի եօթ խորանները կը խորհրդանշեն եկեղեցւոյ եօթ խորհուրդները՝ մկրտութիւն, դրոշմ, ապաշխարութիւն, սուրբ հաղորդութիւն, ձեռնադրութիւն, պսակ-ամուսնութեան եւ կարգ հիւանդաց, իսկ չորս դռներն ալ՝  չորս աւետարանիչները՝  Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս:

1915-էն ետք Սուրբ Կիրակոսը կիսաւեր վիճակի մատնուած է եւ դադրած՝  գործելէ: Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն օգտագործուած է որպէս զինանոց, իսկ պատերազմէն ետք՝  իբրեւ մթերանոց: 1960-ին եկեղեցին վերադարձուած է Տիգրանակերտի հայութեան, սակայն նիւթական անբաւարար պայմաններու տակ գտնուելով՝  տարիներով մնացած է անխնամ վիճակի մէջ:
Տիգրանակերտի աքքատական սեպաձեւ արձանագրութիւններու մէջ Ք. Ա. 2-րդ հազարամեակի վերջաւորութեան, կառոյցը կը յիշուի Ամեդու անունով:
Տիգրանակերտի քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայտեմ անցեալին պատահած դառնութիւններն ու անողոք արարքները դատապարտելով, յայտնեց թէ  նոր հանգրուանի մը սկիզբը դրուեցաւ Տիգրանակերտի մէջ:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ անուան առաջին անգամ կը հանդիպինք հայազգի ճանապարհորդ Սիմէոն Լեհացիի (1584-1637) «Ուղեգրութիւն» (Ուքրայինայի Լվով քաղաքին մէջ գրի առած 1619-1625 թուականներուն) անունով հատորին մէջ: Սիմէոն Լեհացի 1608-1619 տարիներուն ճամբորդած է դէպի  Հայաստան, Իտալիա, Ռումանիա, Պուլկարիա, Յունաստան, Թուրքիա, Սուրիա, Պաղեստին, Եգիպտոս եւ շարք մը այլ երկիրներ եւ գրի առած ու տեղ տուած է ժողովուրդներու սովորութիւններուն, կենցաղին, բարքերուն, կրօնին, ծէսերուն, ճարտարապետական յուշարձաններու նկարագրութեան: Ըստ Լեհացիի, օսմանացիներ Տիգրանակերտը 1515-ին գրաւելէ յետոյ, քաղաքի մայր եկեղեցին` Սուրբ Թէոդորոսը,  1515-1518 թուականներուն կը վերածեն մզկիթի` զայն կոչելով  Գուրշունլու  Ճէմի: 629-ին կառուցուած եւ Բագրատունեանց Աշոտ Ա.ի (885-890) նորոգած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին ալ կ՛ըլլայ քաղաքի գլխաւոր մզկիթը` Ուլու Ճամի: Մզկիթի վերածուած են նաեւ Սուրբ Գէորգ, Սուրբ Երրորդութիւն եւ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիները:
Երբ Ֆաթիհ փաշա մզկիթի մօտակայ Սուրբ Թէոդորոս եկեղեցին 1515-1518 թուականներուն, իր կարգին մզկիթի կը վերածէ, եկեղեցապատկան գերեզմանատան հողին վրայ կը կառուցուի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին, որուն շինութեան տարին  ճշգրտութեամբ յայտնի չէ: Եկեղեցին 1722-ին կ՛ենթարկուի նորոգութեան եւ 1729-ին ալ  կ՛ընդարձակուի, Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի պատրիարքի օրով (1715-1741):
Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ կը գտնուին Սուրբ Սարգիս եկեղեցին ու Սուրբ Յակոբ մատուռը:
Յունիս 1881-ի մեծ հրդեհ մը բաւական կորուստ կը պատճառէ, որմէ ետք 1883-ին կը վերաշինուի ներկայ կառոյցով՝  հինգ մեծ եւ երկու փոքր խորաններով, որոնցմէ գլխաւոր խորանը բացառիկ նրբաճաշակ կառուցուածք ունի: Ան ունի չորս դռներ եւ երեք հազար հաւատացեալներ  պարփակելու տարողութիւն: 
Աւագ Շաբաթ օր մը…1913-ին, սարսափելի կայծակ մը կը հարուածէ սոխաձեւ գմբէթն ու  զանգակատունը եւ ասոր արդիւնք միեւնոյն տարին կը կառուցուի կոթական ոճով 29 մեթր բարձրութեամբ նոր զանգակատուն մը, ուր կը զետեղուի քանդուած զանգակատան Զիլճեաններու (ցայսօր հանրածանօթ Պոլսահայ մականուն մը՝ հարուածային գործիքներու բնագաւառէն ներս) շինած զանգակը եւ ոսկեխաչ մը: Դժբախտաբար, տարագրութեան դաժան օրերուն, եկեղեցւոյ զանգակատունը  թնդանօթաձգութեամբ փուլ կու գայ…Մայիս 28, 1915-ին, շրջակայ մզկիթներու մինարէներէն բարձր ըլլալու պատճառաբանութեամբ: Ա. Աշխարհամարտի օրերուն  եկեղեցին գործածուեցաւ որպէս գերմանական սպաներու զօրանոց եւ հանրապետութեան սկզբնական շրջանին ալ՝ որպէս կտաւի մթերանոց:
1950-ին, պայմաններու մասամբ բարելաւումով, Սուրբ Կիրակոս սկսաւ գործել: Հայութեան  արդէն սակաւաթիւ  ներկայութիւնը  տարուէ տարի բոլորովին  նուազեցաւ: Երիտասարդութիւնը ուսանելու, չափահասներն ալ տնտեսական պատճառներով, նաեւ անհանդուրժելի  դարձող շրջապատի ճնշման պատճառով իրենց ծննդավայրէն հեռացաւ՝  կորսնցնելով, պետականօրէն ճշդուած, եկեղեցւոյ վարչութեան անդամ ընտրուելու իրաւունքը: 1990-ին քաղաքը արդէն իսկ հայաթափուած է: Եկեղեցւոյ հոգատարութեան ծանր բեռը ինկաւ քանի մը տարեց տիգրանակերտցիներու ուսերուն վրայ, որու արդիւնք՝  եկեղեցին ու շրջապատող  շէնքերը մնացին անխնամ, գրեթէ փլատակ վիճակի մէջ:
2008-ին, նոր օրէնքներու թոյլտւութեամբ,  Տիգրանակերտէն հեռու ապրողներու ալ վարչական ընտրուելու արտօնութեամբ, Պոլսոյ մէջ կը կազմուի Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնարկը: Վարչութիւնը պատրիարքարանին հետ խորհրդակցելէ ետք, որոշեց 1992¬ին տանիքն ալ փուլ եկած  եկեղեցին վերանորոգել եւ զայն կորսուած մօտաւորապէս երկու հազար եկեղեցիներուն ցանկին վրայ չաւելցնել:  Եկեղեցւոյ շինութեան արժէքն է 2.400.000 տոլար, իսկ զանգակատունը՝ 250.000 տոլար:
Պայտեմիր անդրադառնալով քաղաքի պատմութեան‘ յայտնած է. «Տիարպեքիրը (այսինքն Տիգրանակերտը) բազմակրօն, բազմամշակութային եւ բազմալեզու քաղաք է: Ան որքան իսլամներուն կը պատկանի, նոյնքան ալ քրիստոնեաներուն կը պատկանի: Ժամանակին հայերն ու ասորիները մեր հայրենակիցները եղած են: Թէեւ այսօր անոնք սփռուած են աշխարհի չորս կողմը, սակայն ես յոյս ունիմ, որ օր մը անոնք կը վերադառնան»:
Քաղաքապետ Պայտեմիր յայտնած էր, որ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ անպայման խաչ պիտի զետեղուի: Ան ըսած էր. «Եթէ մզկիթ մը մինարեթ չունի, չի կրնար մզկիթ համարուիլ: Նոյնպէս, եկեղեցի մը չի կրնար ամբողջական կրօնական կառոյց դառնալ` առանց խաչի: Հետեւաբար Սուրբ Կիրակոսը խաչ պիտի ունենայ իր գմբէթին»:
Օրին, երբ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնարկի ատենապետ Վարդգէս Այըք մօտեցած էր քաղաքապետութեան, թաղապետութեան,  անոնց խոստացուած էր  համագործակցութիւն եւ շինութեան ծախսերու մասնակցութիւն՝ 660 հազար տոլարով: Նաեւ խոստացուած էր եկեղեցւոյ վերադարձնել գրաւեալ եկեղեցապատկան հողերն ու կալուածները, որոնց եկամուտով պիտի հոգացուին եկեղեցւոյ ընթացիկ ծախսերը: Ըստ Թուրքիոյ կարգ մը օրէնքներուն, փոքրամասնութիւնները ի-րենց դպրոցները, եկեղեցիները, համայնքային շէնքերը նորո-գելու համար յատուկ արտօնութեան կը կարօտին: Վարդգէս Այըք իր յարատեւ ջանքերով, անցած էր իւրաքանչիւր հան-գրուանէ եւ ստացած՝  վերաշինութեան արտօնագիր:
Քաղաքի բնակչութեան 90%ը քիւրտ է: Ժողովուրդին 73%ը քրտերէն կը խօսի: Քաղաքապետն ու թաղապետներէն շատեր  ալ քիւրտ են: Հասկացողութիւնը այն է, թէ իւրաքանչիւր ազգի անհատ պէտք է իր մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ունենայ եւ ժողովրդավարութեան հաստատման համար ալ պէտք է յարգուի ուրիշներու մշակոյթը:  Այս ըմբռնումով քաղաքի աւագանին կը փափաքի քրտական մշակոյթի ծաղկման զարկ տալ:  Թաղապետարանի ծառայութիւնները կը կատարուին  քանի մը լեզուներով, ի մէջ այլոց՝  հայերէնով: Կը հրատարակուի եռամսեայ ուսանողական թերթ՝  վեց լեզուներով, որոնց կարգին հայերէն: Հրատարակուած է Տիգրանակերտի մասին հայերէն գրքոյկ: