Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԼՂՀ Պաշտպանութեան Բանակը կը յայտնէ ատրպէյճանական կողմի երեք զոհերու մասին

Վիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ շփման գծին վրայ նորէն սրած է: Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը տեղեկացնէ, որ Յունուար 5էն 6ի գիշերը հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 320 անգամ:

Ըստ Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) հաղորդագրութեան, «հակառակորդի ակտիւութիւնը ճնշելու համար ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները դիմել են պատասխան գործողութիւնների, որի արդիւնքում շարքից հանուել է ադրբեջանական զինուժի առնուազն 3 զինծառայող»։
«Նիուզ» լրատու գործակալոթիւնը հաւաստի աղբիւրներու վրայ հիմնուելով կը յայտնէ, որ Պաշտպանութեան բանակն ալ տուած է երկու զոհ, երկուքն ալ պայմանագրային զինուորներ են Արցախէն:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, ատրպէյճանական բանակի զոհերոն թիւն ալ առնուազն եօթն է:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր խստօրէն կը դատապարտուին Յունուար 2-3ին ատրպէյճանական բանակին կողմէ Արցախի պաշտպանութեան բանակին հետ շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած ներթափանցման գործողութիւնները, որոնք պատճառ դարձան մարդկային կորուստներու ալ:
«Մեր խորին ցաւակցութիւնն ենք յայտնում զոհուածների ընտանիքներին եւ մերձաւորներին։ Այս հերթական սադրանքով Բաքուն շարունակում է իրագործել ուժի կիրառման վերաբերեալ Ադրբեջանի ղեկավարութեան անդադար սպառնալիքները, որոնք հնչեցւում են այդ երկրի ղեկավարութեան անգամ ամանորեայ ելոյթներում։
Սա կոպիտ արհամարհանք է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրների՝ յատկապէս կրօնական տօների նախաշեմին եւ ընթացքում սադրիչ գործողութիւններից եւ իրավիճակի սրումից զերծ մնալու կոչերի նկատմամբ։
Վաղուց ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը սթափեցնի իր յորդորներին հակառակ գնացող ադրբեջանական ղեկավարութեանը», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Ճեն Փսաքի. «Մտահոգուած ենք շփման գիծէն
ստացուող հաղորդագրութիւններով»

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի պատասխանելով լրագրողի մը, որ հարց տուած է, թէ «վերջին օրերուն նշանակալի կերպով բազմացած են հրադադարի խախտումներու դէպքերը. արդեօք Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստուի՞ որեւէ յայտարարութիւն կատարելու տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն կապակցութեամբ եւ կողմերուն զսպըւածութեան կոչեր ուղղելէ զատ՝ կը նախատեսէ՞ որեւէ այլ միջոց, որ կը կանգնեցնէ հռետորաբանութիւնը եւ կը զսպէ իրադրութեան լարումը», ըսած է. “Մենք մտահոգուած ենք հրադադարի խախտումներու վերաբերող հաղորդագրութիւններով, ինչպէս նաեւ վերջին օրերու զոհերով։ Այս միջադէպերը չեն համապատասխաներ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին խաղաղ լուծում գտնելու։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յանձնառութիւններուն”։
«Որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր՝ մենք, այո, կը շարունակենք, ինչպէս դուք ըսիք, յորդորել, որ կողմերը մտնեն բանակցային այնպիսի ճամբայ, որ կը յանգեցնէ խաղաղութեան համաձայնութեան։ Ինչպէս նաեւ կը յորդորենք, որ կողմերը ձեռնարկեն այնպիսի միջոցներու, որոնք կը նըւազեցնեն նման դէպքերը” ըսած է Փսաքի:
Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Թուիթըրի վրայ Յունուար 5ին քննադատած էր տօնական օրերուն ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած հրադադարի խախտումները՝ միեւնոյն ժամանակ խուսափելով մատնանշելէ մեղաւորները:
Ռուսաստանցի վերլուծաբան Անտրէյ Էփիֆանցեւ յայտարարած է, թէ մօտ ապագային Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման նոր տարբերակներ չի նշմարեր: Իր կանխատեսումով, 2015ին սահմանային լարումին պահպանումը հաւանական է: Ըստ վերլուծաբանին, առնուազն մինչեւ 2016 թուականը պատերազմ չի ծագիր:

Ատրպէյճան կը մեղադրէ Հայաստանը

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Հիքմէթ Հաճիեւ մեկնաբանելով Փսաքիի վերոնշեալ յայտարարութիւնը, ըսած է. «Ցաւօք, Հայաստան իր գրգռիչ գործողութիւններով ամէն ձեւով կը փորձէ խանգարել խաղաղութեան մեծ համաձայնագրի շուրջ աշխատանքներու սկիզբը»։
Հաճիեւի համաձայն՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան գլխաւոր սպառնալիքը «հայկական բանակի ներկայութիւնն է ա-տըրպէյճանական տարածքին մէջ»։