Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Վերջերս Երեւանի մէջ կայացաւ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութիւն» դասագիրքի շնորհանդէսը։ 

«Արցախփրէս» լրատու կայքէջը կը հաղորդէ թէ գիրքի հեղինակներն են թրքագէտներ Ռուբէն Սաֆրաստեան, Ռուբէն Մելքոնեան, Արթիւր Տումանեան, Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան, Յակոբ Չաքըրեան եւ Անուշ Յովհաննէսեան։ Գիրքը հրատարակուած է Երեւանի Պետական համալսարանի ու Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկին կողմէ։
Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան նշեց որ համալսարանի արեւելագիտութեան հիմնարկը մինչեւ այսօր այսպիսի գիրք մը չունէր եւ ուսանողցները դասերը կը սերտէին գլխաւորաբար Խորհրդային ժամանակաշրջանին հրապարակուած գիրքերով։ Արամ Սիմոնեան դիտել տուաւ որ այսպիսի ծաւալուն դասագիրքի մը հրապարակումը կարեւոր է նաեւ քաղաքական տեսանկիւնէն։
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան դիտել տուաւ որ Հայաստանի մէջ թրքագիտութեան մակարդակը տարուէ տարի կը բարձրանայ, ինչ որ շատ կարեւոր է, նկատի ունենալով որ Թուրքիոյ մէջ արագ կերպով կը զարգանայ հայագիտութիւնը՝ թրքական տեսանկիւնէ եւ մեկնաբանութեամբ։
Գիրքի համահեղինակ, Արեւելագիտութեան հիմնարկի փոխ¬նախագահ Ռուբէն Մելքոնեան իր կարգին յայտնեց որ անիկա առարկայական պատմական դասագիրք մըն է, որ կþընդգրկէ Թուրքիոյ պատմութիւնը 1918-էն մինչեւ ներկայ օրերը՝ ներկայացնելով այդ երկրի արտաքին ու ներքին քաղaաքականութեան հիմնական դրուագները, գաղափարական հիմնասիւրները, քաղաքական առանցքային կուսակցութիւններն ու քաղաքական ազդեցիկ գործիչները։
«Արցախփրէս» կը հաղորդէ թէ գիրքին մէջ ներկայացուած են նաեւ ազգային-կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ հալածանքի ու ճնշումներու քաղաքականութեան հիմնական հանգրուաններն ու հետեւանքները, ինչպէս նաեւ արծարծուած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերջին շրջանի զարգացումները։
Ռուբէն Մելքոնեան նշեց որ Սէնթ Փէթէրսպուրկէն առաջարկ ստացած է մինչեւ 24 Ապրիլ 2015 դասագիրքը թարգմանել ռուսերէնի ու տարածել ռուսական կրթական հաստատութիւններու մէջ։ Արմէն Աշոտեանն ալ իր կարգին առաջարկեց աշխատութիւնը նաեւ թարգմանել թրքերէնի ու զետեղել համացանցի վրայ, որպէսզի թուրք ուսանողները «այլընտրանքի կարելիութիւն ունենան»։ Նախարարը ըսաւ որ իրենք պատրաստ են աջակցութիւն տրամադրելու այս հարցով։