Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ, Յունաց Տիեզերական Պարթոլոմէոս պատրիարքին այցելեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կողմէ Պոլիս ժամանած պատուիրակութիւն մը, յանձնելու համար իրենց Վեհափառի հրաւէրը՝ 28 Սեպտեմբեր 2015ին մասնակցելու համար Միւռոնօրհնէքի արարողութեան: 

Պարթոլոմէոս պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար, եւ ըսաւ թէ այս նիւթը Սիւնոդի նկատառման պիտի յանձնէ եւ ըստ այնմ պիտի պատասխանէ:
Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը տեւեց կէս ժամ: