Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Անցնող տօնական օրերուն ընթացքին ՀՀ նախարարներ այցելութիւններ տուած են զօրամասեր:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան այցելած են տարբեր զօրամասեր: Զինուորներուն մօտ գտնուած է նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

Նախարարները շրջագայած են զօրամասերուն մէջ եւ ծանօթացած զինուորներուն ծառայութեան պայմաններուն։
Անկէ ետք նախարար Էդուարդ Նալբանդեան զօրամասի նիստերու դահլիճին մէջ պատասխանած է սպայակազմի եւ զինուորական ծառայողներու հարցումներուն՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներուն վերաբերեալ:
Շնորհաւորելով զինուորականներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը՝ նախարարները նշած են, որ, զինուորները աւանդաբար ընտանեկան ամանորեայ տօները կը նշեն իրենց ընտանիքէն հեռու, որովհետեւ լծուած են հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ առաքելութեան՝ ապահովելով մեր ժողովուրդին, մեր երկրին խաղաղ կեանքն ու զարգացումը:
Նախարարները խաղաղ ծառայութիւն եւ յաջողութիւններ մաղթած են սպաներուն եւ զին- ւորներուն՝ ընդգծելով, որ անոնցմէ կախեալ է զինուած ուժերու ամրութիւնը եւ հզօրութիւնը:
Էդուարդ Նալբանդեան վստահեցուցած է, որ հայ դիւանագէտները պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը՝ ուղղուած յարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:
«Մեր երկրի անվտանգութիւնն ու վաղուայ օրը ձեր ձեռքերում են, դուք մեր հայրենիքի մշտարթուն պահապաններն էք, Հայոց յաղթանակած բանակի արժանի ժառանգորդները, ինչի համար երախտապարտ ենք ձեզ», ըսած են անոնք: