Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Բանակ-հասարակութիւն կապը աւելի կÿամրապնդուի, երբ անհատներ կը կանգնին հայ զինուորի ու իր ընտանիքի կողքին: Աննախադէպ աջակցութիւն եւ բարի կամքի փայլուն դրսեւորումներ եղան տօնական օրերուն առիթով՝ հայ անհատ բարերարներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, ուրախացնելով սահմանագիծին վրայ ամուր կեցած մեր զինուորները:

Լուսանկարը՝ Գարիկ Արմենակեանի

Նշենք, թէ տօնական անակնկալ արձակուրդի հնարաւորութիւն տրուեցաւ առաջնագծի վրայ ծառայող շուրջ 1500 զինուորներու: Այս նախաձեռնութիւնը կայացաւ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան աջակցութեամբ: Զինուորները արձակուրդի օրերը անցուցին իրենց ընտանիքներուն մօտ, ապա վերադարձան իրենց ծառայութեան վայրերը:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը լրագրողներու հետ զրուցելով, անդրադարձած է հակառակորդի նախաձեռնած վերջին խափանարար գործողութեան, որու ժամանակ թշնամին մօտ 5 զոհ տուած էր: Երբ իրեն հարց տրուին լրագրողները թէ ինչո՞ւ այս մասին հանրութիւնը բաւարար չափով իրազեկուած չէ, Սէյրան Օհանեան կարճ բայց խօսուն պատասխանեց՝ «Վստահեցէ՛ք հարազատ բանակին»:

Հակառակորդը Միջդիրքային Տարածքը Ականապատած Էր

25 դեկտեմբերի գիշերը հակառակորդին կողմէ սահմանագիծի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած հետախուզական գործողութիւնները վնասազերծելէ ետք` Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը հետախուզեցին ամբողջ առաջին գիծը. կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի  մամլոյ ծառայութիւնը` աւելցնելով, որ պարզուած  է, թէ բացի վերոնշեալ գործողութիւններէն, հակառակորդին յատուկ ջոկատայինները երկու ուղղութիւններով եւս (արեւելեան եւ  հիւսիսարեւելեան) հատած են հակամարտ ուժերու միջդիրքային տարածքը եւ ականապատած կարգ մը հատուածներ: Ձեռնարկուած գործնական միջոցառումներուն  շնորհիւ, տեղադրուած բոլոր ականները վնասազերծուած են: Ականազերծման գործողութիւններուն ընթացքին արտակարգ դէպքեր տեղի չեն ունեցած: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները կը շարունակեն վստահօրէն վերահսկել ամբողջ սահմանագիծը: