Print
Category: Հայաստան-Արցախ

23 Դեկտեմբերին գումարած արտակարգ նիստին ընթացքին, Երեւանի աւագանին համաձայնութիւն տուած է պիւտճէին մէջ փաստացի եկամուտներու, ծախսերու եւ տնտեսումներու կանխատեսուող ցուցանիշներու հիման վրայ՝ պիւտճէի Երեւան քաղաքի պիւտճէին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերող որոշման նախագիծին:

Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Այնուհետեւ գումարուած է Երեւանի աւագանիի հերթական նիստը, որուն ընթացքին աւագանիի հաստատման ներկայացուած է Երեւան քաղաքի զարգացման 2015ի ծրագիրը:
Նշուած է, որ անիկա կազմուած է հաշուի առնելով 2014-2017 քառամեայ ծրագիրի գերակայութիւններն ու առկայ հիմնախնդիրները: Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի զարգացման եւ ներդրումային ծրագիրներու վարչութեան պետ Արմէն Յարութիւնեան նշած է, որ ծրագիրին մէջ կարեւորութիւն տրուած է մայրաքաղաքին մէջ բարեկարգ եւ յարմարաւէտ միջավայրի ապահովման՝ թէ՛ Երեւանի բնակիչներուն, եւ թէ մայրաքաղաքի հիւրերուն համար. «մասնաւորապէս, հանգստի գօտիների ստեղծումը, կանաչ տարածքների պահպանումն ու աւելացումը, շէնքերի եւ բակային տարածքների բարեկարգումը, ժամանակակից չափանիշներին համապատասխան արտաքին ձեւաւորումը, յարմարաւէտ եւ անվտանգ տեղաշարժի ապահովումը», - յայտնած է ան։
Աւագանին ձայներու մեծամասնութեամբ հաստատած է Երեւան քաղաքի զարգացման 2015ի ծրագիրը: Այնուհետեւ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Վահէ Նիկոյեան Երեւանի աւագանիի հաստատման ներկայացուցած է «Երեւան քաղաքի 2015թ. բիւջէի մասին» որոշման նախագիծը, ըստ որուն՝ եկամուտներու ընդհանուր գումարը ծրագրուած է 71.870.838.3 հազար դրամ. Երեւան քաղաքի 2014 թուականի պիւտճէով ի սկզբանէ հաստատուած 69.091.815.9 հազար դրամի դիմաց՝ 2.779.022.4 հազար դրամով կամ շուրջ 4 տոկոսով աւելի: Նախագիծով նախատեսուած եկամուտները աւելի են 2013 թուականին հաւաքագրուած ընդհանուր եկամուտներէն 8.202.913.1 հազար դրամով կամ 12,9 տոկոսով: Ձայներու 40 թեր, 1 դէմ եւ 14 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ աւագանին հաստատած է Երեւան քաղաքի 2015ի պիւտճէն:
Երեւանի աւագանիին որոշումով սահմանուած են նաեւ Երեւանի քաղաքային համայնքին մէջ 2015ի տեղական տուրքերու դրոյքաչափերը: